Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կայացաւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» Կուսակցութեան 5-րդ Համագումարը

Կայացաւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» Կուսակցութեան 5-րդ Համագումարը

by MassisPost

Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը յեղափոխութենէն ետք առաջին համագումարը  կայացուց Յունիս 16-ին: Շուրջ 13 ժամ տեւած համաժողովի ընթացքին ընտրուեցաւ վարչութիւն, որ իր հերթին Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեանը ընտրեց կուսակցութեան ղեկավար:

Սուրէն Պապիկեանը մինչ այդ կուսակցութեան փոխնախագահն էր, իսկ կուսակցութեան ղեկավարը՝ Սասուն Միքայէլեանը: Յատկանշական է, որ Միքայէլեանը այս անգամ չընտրուեցաւ նոյնիսկ վարչութեան անդամ: Լրագրողները Պապիկեանէն հետաքրքրուեցան հնարաւո՞ր է պատճառը այն էր, որ Սասուն Միքայէլեանը Աբովեանի ընտրութիւններուն չաջակցեցաւ կուսակցութեան:

«Ես գուշակութեամբ չեմ ուզում զբաղուել», – պատասխանած է նորընտիր ղեկավարը։

Վարչութեան կազմին մէջ ընտրուած 21 անդամներու շարքին էր Կոտայքի մարզպետ Ռոմանոս Պետրոսեանը, որ յայտարարած էր, որ Սասուն Միքայէլեանը իրենց չէ աջակցած:

Նորընտիր վարչութեան մէջ են գործադիրի անդամներ Արայիկ Յարութիւնեանը, Յակոբ Արշակեանը, Արսէն Թորոսեանը, փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը, Ազգային ժողովէն Արարատ Միրզոյեանը, «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցը, Յակոբ Սիմիտեանը եւ եւս քանի մը պատգամաւոր եւ կուսակցականներ: Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ առաջադրուած էր, բայց չընտրուեցաւ:

«Քաղաքացիական պայմանագիրի» հիմնադիր Նիկոլ Փաշինեանը երբեք չէ ղեկավարած կուսակցութիւնը: Վարչութեան 21 անդամէն մէկն է: Սկզբունքը կը պահպանուի նաեւ իշխանութեան գալէ ետք, ըսած է նորընտիր ղեկավարը:

«Իշխանութեան գալուց յետոյ, բնականաբար, առաջին անգամ է, որ երկրի վարչապետը հրաժարւում է, ինքնաբացարկ է յայտնում եւ չի ստանձնում վարչութեան ղեկավարի պաշտօնը», – նշած է Պապիկեանը։

Լրագրողներու հարցին, թէ այդ սկզբունքը ինչո՞վ պայմանաւորուած է, պատասխանած է. «Այդ սկզբունքների մասին Նիկոլ Փաշինեանը խօսել է դեռ 2015 թուականից։ Խօսքը մէկ  առաջնորդի, «սուփըրլիտըր»ի  բացառումն է եւ այլ գործընկերների նման հնարաւորութիւն ընձեռնելը, քաղաքական ինքնադրսեւորման աճին նպաստելը»։

Արդեօ՞ք կուսակցական պարտականութիւնները չեն խոչընդոտեր նախարարական գործառոյթներու լիարժէք իրականացման, հարցին Պապիկեան պատասխանած է. «Իմ զբաղեցրած պաշտօնը առաջին հերթին քաղաքական պաշտօն է, եւ բացի այդ, մենք ունենք եւս 20 վարչութեան անդամներ, որոնք բոլորը հաւասարապէս կարող են մասնակցել թէ՛ կուսակցաշինութեանը եւ թէ՛ մեր կուսակցութեան բոլոր գործողութիւններին, որ մենք կը ձեռնարկենք։ Այնպէս որ, ես մենակ չեմ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment