Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԼՂ Պաշտպանութեան Բանակը 10,000 Զինծառայողներու Մասնակցութեամբ Զօրավարժութիւններ Սկսած են

ԼՂ Պաշտպանութեան Բանակը 10,000 Զինծառայողներու Մասնակցութեամբ Զօրավարժութիւններ Սկսած են

by MassisPost

Պաշտպանութեան բանակի շուրջ 10,000 զինծառայող, 200-է աւելի հրետանային համակարգեր, մօտ 150 զրահամեքենայ, 50-է աւելի Հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր, աւելի քան 400 մեքենայ եւ այլ շարժակազմեր Յունիս 17-էն 20-ը պիտի մասնակցին հրամանատարաշտապային զօրավարժութիւններու, կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:

«Հրամանատարաշտապային զօրավարժութիւններու ընթացքին հիմնական կեդրոնացումը պիտի ըլլայ գիշերային պայմաններու մէջ զօրքերու գործնական խնդիրներու կատարման վրայ, ինչպէս նաեւ կը նախատեսուի մշակել մարտավարութեան նոր դրուագներ», – ըսուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան կայքին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, – «Զօրախաղերու ընթացքին պիտի փորձուին բարձր արհեստագիտութեամբ համալրուած հետախուզական եւ կառավարման համակարգեր, զինատեսակներու նոր նմուշներ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment