Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Որոշմամբ Զարեհ Սինանեանը Նշանակուած է Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Որոշմամբ Զարեհ Սինանեանը Նշանակուած է Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար

by MassisPost

«Սփիւռքի հետ վարուող քաղաքականութիւնը պէտք է փոխենք եւ այն դարձնենք աւելի արդիւնաւէտ», – այս մասին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Սփիւռքի գործերու գլխաւոր նորանշանակ յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի հետ հադիպման ընթացքին:

Փաշինեանը նշած է, որ ուրախ է Սինանեանի Հայաստանի մէջ աշխատանքի անցնելու առիթով՝ նշելով. «Սփիւռքի հետ վարուող քաղաքականութիւնը պէտք է փոխենք եւ այն դարձնենք աւելի արդիւնաւէտ, որի հիմնական նպատակադրումը պէտք է լինի Սփիւռքի առաւել մեծ ներգրաւուածութիւնը Հայաստանում, Հայաստանի տնտեսական կեանքում, Հայաստանի հանրային կեանքում, Հայաստանի քաղաքական կեանքում, Արցախում եւ ընդհանրապէս, մեր հայկական նոր օրակարգի ձեւաւորման եւ այդ օրակարգի իրագործման աշխատանքներում»:

Իր հերթին, Զարեհ Սինանեանը շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին վստահութեան համար եւ աւելցուցած. «Պարտաւորուած եմ զգում եւ մեծ պատիւ եմ համարում այս աշխատանքը ստանձնելը, նաեւ մեծ պարտականութիւն, քանի որ ինչպէս Դուք նշեցիք մեր հայրենիքի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ Սփիւռքի յարաբերութիւնները հսկայական ներուժ ունեն: Այնտեղ էլ շատ խնդիրներ կան եւ ես չեմ կասկածում, որ այսօրուայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է նեցուկ կանգնել իր հայրենակիցներին Սփիւռքում, ինչպէս որ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներն են պատրաստ աջակցելու Հայաստանի Հանրապետութեանը, Արցախին»:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի յետագայ գործունէութեան վերաբերող հարցեր:

Յիշեցնենք՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ
Զարեհ Սինանեանը նշանակուած է սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment