Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հրաժարական Տուած է Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի Անդամ մը եւս

Հրաժարական Տուած է Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի Անդամ մը եւս

by MassisPost

Հրաժարական ներկայացուցած է Բարձրագոյն դատական խորհուրդի (ԲԴԽ) անդամ Սերկէյ Մեղրեանը: Այդ մասին կը հաղորդէ Հայաստանի դատական իշխանութեան պաշտօնական կայքը:

«Կարծում եմ, որ մեր երկրում իրականացուելիք դատաիրաւական բարեփոխումները՝ ներառեալ դատական իշխանութեան հանրային ընկալմանը նպաստող բոլոր գործընթացները, պէտք է առաջնորդի բացառապէս հանրային վստահութիւն ներշնչող Բարձրագոյն դատական խորհուրդը, որի անդամների մասնագիտական եւ անձնական որակները, ինչպէս նաեւ ընտրութեան գործընթացը չի կարող կասկածի տակ դրուել որեւէ անաչառ եւ ողջամիտ դիտորդի կողմից: Թէեւ երբեք կախուած չեմ եղել ու ներկայումս էլ կախուած չեմ որեւէ քաղաքական ուժից, մարմնից կամ անձանցից եւ մասնագիտական գործունէութեան մէջ մշտապէս նուիրուած եմ եղել իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքը ներդնելու, քարոզելու եւ անձամբ պահպանելու գաղափարին, վերոշարադրեալի լոյսի ներքոյ եւ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի հանդէպ անվստահութեան մթնոլորտը վերացնելու նկատառումներով այլեւս նպատակայարմար չեմ գտնում իմ յետագայ աշխատանքը Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամի կարգավիճակում», – մասնաւորապէս ըսուած է Մեղրեանի դիմումին մէջ:

Սերկէյ Մեղրեանը իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ է, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամ ընտրուած էր 2018 թուականի Փետրուարին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի կողմէ, երեք տարի ժամկէտով:

Մայիս 24-ին, յիշեցնենք, հրաժարական տուած էր Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանը, երկու շաբաթ անց՝ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գէորգ Դանիէլեանը, երէկ ալ հաղորդուած էր Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամ Արմէն Խաչատրեանի հրաժարականի մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment