Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռոպերթ Քոչարեանը Հրաժարած է Նիկոլ Փաշինեանի Դէմ Հայցէն

Ռոպերթ Քոչարեանը Հրաժարած է Նիկոլ Փաշինեանի Դէմ Հայցէն

by MassisPost

Դատական նիստերու դահլիճի փոքր ըլլալուն պատճառով ուշացումով սկսած է՝  Ռոպերթ Քոչարեանը ընդդէմ Նիկոլ Փաշինեանի գործով դատական նիստը։  Դատական նիստը տեղի ունեցած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի՝ Քանաքեռ նստավայրին մէջ:Ըստ դատաւոր Լիլիթ Սարգսեանի՝ չէին նախատեսած այսքան լրագրողի ներկայութիւն։

Յիշեցնենք, որ Ռոպերթ Քոչարեանի ներկայացուցիչ Հայկ Ալումեանի կողմէ հայցադիմում ներկայացուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան՝ հրապարակայնօրէն արտայայտուած զրպարտութենէն պատիւը եւ արժանապատւութիւնը պաշտպանելու պահանջի մասին:

Հայկ Ալումեանը հայցադիմումը ներկայացնելու ժամանակ ընդգծած է,որ դատարան դիմելու առիթներէն մէկը Նիկոլ Փաշինեանի արտայայտութիւնն է Ռոպերթ Քոչարեանին, անցած տարի, առաջին անգամ կալանքէն ազատելէն  ետք։

«Կամ թէկուզ Ռոպերթ Քոչարեանին ազատ արձակելու մեկնաբանութիւնը: Ասում է՝ անձեռնմխելի է: Ի՞նչ է նշանակում անձեռնմխելի: Այսինքն, կարելի է մարդկանց սպանութիւնը կազմակերպել ու ասել՝ «Ես անձեռնմխելի՞ եմ»»,-ըսած էր Նիկոլ Փաշինեանը  Ֆրանսա այցի ժամանակ։

Այս արտայայտութեան համար անոնք Նիկոլ Փաշինեանէն կը պահանջեն ներողութիւն ։

Դատաւորը հարց ուղղած է փաստաբանին՝ արդեօ՞ք  այդ վիրաւորանք է, թէ  զրպարտանք։   Ըստ Ալումեանի՝  կը համարեն  եւ զրպարտանք , եւ  վիրաւորանք։

Քանի որ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայացուցիչ Գէորգ Կէօզալեանը յայտնած է, որ  վարչապետը նկատի չէ ունեցած Ռոպերթ Քոչարեանը, այլ համակարգը, Հայկ Ալումեանը ըսած է, որ լիազօրուած է ետ վերցնել հայցը՝   եթէ Փաշինեանը յայտարարէ այդ։ Գէորգ Կէօզալեանն ալ պնդած է, որ կը յայտնէ իր վստահորդի  խօսքը։

Դատական նիստը յետաձգուած  է, որպէսզի ներկայացուի գրաւոր դիմում՝  հայցէն հրաժարելու մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment