Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հարկային Կտրոնններու Թիւը Զգալի Աճ Գրանցած է. Վարչապետ Փաշինեան

Հարկային Կտրոնններու Թիւը Զգալի Աճ Գրանցած է. Վարչապետ Փաշինեան

by MassisPost

Այս տարուան Մայիսին նախորդ տարուան Մայիսին համեմատ Հայաստանի մէջ 13 միլիոն 182 հազար 667 հատ Հսկիչ-դրամարկղային մեքենայի (ՀԴՄ) կտրոն աւելի տպագրուած է, Ֆէյսպուքի իր էջին գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Սա նշանակում է, որ մենք սկսել ենք գերազանցել ոչ միայն նախայեղափոխական, այլեւ յեղափոխական ցուցանիշները», – նշած է վարչապետը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր այն ձեռներէցներուն, որոնք պարտաճանաչ Հսկիչ-դրամարկղային մեքենայի (ՀԴՄ) կտրօն կը տպեն, բոլոր քաղաքացիներուն, որոնք Հսկիչ-դրամարկղային մեքենայի (ՀԴՄ)  կտրօն կը պահանջեն:

«Ուզում եմ նաեւ ընդգծել, որ իրականում հենց այս մարդիկ են, օրինակ, Հայոց բանակում աշխատավարձերի համատարած եւ շօշափելի բարձրացման իրական հեղինակը: Ձեր վճարած հարկերով է, սիրելի հայրենակիցներ, մեր զինուորականների աշխատավարձը շօշափելիօրէն բարձրացել: Ահա այսպիսի գործերով է, որ մենք ի ցոյց ենք դնում, որ ժողովուրդը կանգնած է Հայոց բանակի թիկունքին, կառավարութիւնը կանգնած է Հայոց բանակի թիկունքին: Դուխով:)», – գրած է վարչապետը։

https://www.lragir.am/2019/06/12/451131/
Թուրքիա Զայրացած է Հայոց Ցեղասպանութեան Թեմայով Հոլանդիայի Խորհրդարանի Կողմէ Ընդունած Բանաձեւէն

Թուրքիան խիստ արձագանգած է Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով Հոլանտայի մէջ նախօրէին ընդունուած բանաձեւին, կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած գրաւոր յայտարարութեան մէջ Հոլանտայի ներկայացուցիչներու պալատի բանաձեւը որակուած է իբրեւ «անհիմն յերիւրանք» եւ ներկայացուած է այն պնդումը, թէ որոշումը ընդունուած է «հակաթրքական շրջանակներու նախաձեռնութեամբ»։

Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ որոշման ընդունման նպաստած ուժերուն քայլերը անպատասխան պիտի չմնան, իսկ Հոլանտայի խորհրդարանի այդ քայլը չի կրնար դրական ազդեցութիւն ունենալ թուրք–հոլանտական յարաբերութիւններու զարգացման վրայ։

Ուշագրաւ է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն մօտ կանգնած «Yeni Safak» թերթի կայքը, ինչպէս նաեւ «Anadolu» պետական լրատուական գործակալութիւնը՝ անդրադառնալով արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան՝ որեւէ կերպ չեն յիշատակած ե՛ւ Հոլանտայի խորհրդարանի ընդունած որոշման բովանդակութիւնը ե՛ւ այդ որոշման՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին հետ կապուած ըլլալու հանգամանքը։

Յիշեցնենք, որ նախօրէին Հոլանտայի ներկայացուցիչներու պալատը՝ ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ՝ հաւանութիւն տուած էր բանաձեւի մը, որմով կը դատապարտուէր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի ապրիլքսանչորսեան ուղերձին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու պիտակաւորումը։ Միաժամանակ հոլանտական կառավարութիւնը պարտաւորեցուած էր այդ դիրքորոշման մասին տեղեկացնելու Թուրքիոյ իշխանութիւններուն։

Ինչպէս յայտնի է, 2019 Ապրիլ 24-ին, Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ Աթէշեանին յղած ցաւակցական նամակին մէջ Էրտողանը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած եւ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած 1,5 միլիոն հայերը համարած էր «1-ին համաշխարհային պատերազմի զոհեր»: Ձեռնարկներէն մէկուն ժամանակ ալ ան ընդգծած էր, որ շատեր այդ ժամանակահատուածին զոհուած են «հայկական հրոսակախումբերու եւ զինուած խմբաւորումներու» հրահրած անկարգութիւններուն հետեւանքով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment