Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պատմական Թռիչք` Երեւանէն Վան

Պատմական Թռիչք` Երեւանէն Վան

by MassisPost

Երբեւէ դժուար էր պատկերացնել, որ Հայաստանի վերջին մայրաքաղաքէն դէպի առաջին մայրաքաղաք կարելի էր հասնիլ ընդամէնը 35 վայրկեանէն եւ` ուղիղ թռիչքով: Երեւան-Վան ուղիղ թռիչքը պատմական իրադարձութիւն է, որ իրականութիւն դարձած է մեր օրերուն։ Առաջին անգամ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ նախագահ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորութեամբ, ուղիղ թռիչքով մեկնած է 2845 տարեկան Վան քաղաք։

«Ինծի համար սա հրաշք էր, գամ եւ տեսնեմ մեր առաջին մայրաքաղաքը, այս երկիրը ուր ապրած են մեր նախնիները: Շատ կ’ուզեմ, որ բոլորը ունենան այս առիթը»,- օդանաւէն իջնելու ժամանակ առաջին տպաւորութիւնները յայտնած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի փոխնախագահ ամերիկահայ Ալպեր Պոյաճեանը ու համբուրած հողը:

Հայկական պատուիրակութիւնը Վանի օդակայանին մէջ դիմաւորած են քաղաքային իշխանութեան ներկայացուցիչները: Աւելի ուշ պաշտօնական ընդունելութեամբ քաղաքապետարանին մէջ պատուիրակութիւնը հիւրընկալած էին Վանի երկու քաղաքապետերը:

Վանի քաղաքապետ Պետիա Օզգիոքչէ Էրթանը նշած է որ, իրենց համար Վանը աշխարհի ամենագեղեցիկ քաղաքներէն մէկն է: «Մենք գիտենք, որ դուք անցեալին ալ կապ ունեցած էք մեր քաղաքին հետ: Ձեր այցելութեամբ մենք շատ ուրախ ենք ու պիտի փորձենք աւելի զարգացնել մեր յարաբերութիւնները»։

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանը քաղաքապետի հետ զրոյցի ժամանակ ընդգծած է հայոց ազատամարտին Վանի առանձնայատուկ դերը։ Զաքարեանը կարեւորած է հայոց հինաւուրց քաղաքներու միջեւ ճակատագիրի բերումով ընդհատուած կապերու վերահաստատման ու զարգացման անհրաժեշտութիւնը:

Իշխան Զաքարեանը տեղեկացուցած է նաեւ, որ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն հետաքրքիր մտայղացում ունի: «Յաջորդ խաղերը Վանէն սկսինք: Մէկ մասը այստեղ ընենք, յետոյ տեղափոխուինք Երեւան: Կը կարծեմ՝ սա շատ լաւ գաղափար է, որուն հետ կապուած մենք կրնանք աշխատիլ եւ ծրագիրը ընել: Այդ մէկը նաեւ կ’ըլլայ շատ լաւ կամուրջ մեր երկու քաղաքներուն միջեւ: Յետոյ այն կրնայ մշակութային, պիզնես կապեր զարգացնել, ուրիշ դրսեւորումներ ալ ստանալ: Արժէ այս գաղափարի մասին մտածել, եւ արժէ այս գաղափարը տանիլ առաջ»:

Վանի քաղաքապետերը ողջունած են հայկական պատուիրակութեան առաջարկը՝ ընդգծելով, որ մարզական նման ծրագիրները շատ գործուն միջոց են ժողովուրդներու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու համար։

Վանի միւս քաղաքապետ Մուսթաֆա Աւճը նշած է, որ հայերու այցը բարձրացուցած է իրենց տրամադրութիւնը: «Մենք մշակութային առումով իրարմէ օտար ժողովուրդներ չենք: Շատ լաւ գիտենք, թէ ինչեր քաշած են ժամանակին հայերը պատմութեան ընթացքին: Նոյն աղէտը կը կրեն նաեւ քիւրտերը այսօր: Ինչ-որ տեղ կրնանք ըսել, որ նոյն ճակատագիրը կիսող ժողովուրդներ ենք: Մենք հիմա կը ձգտինք, որ մեր բարեկամներուն հետ եղբայրաբար ապրինք»:

Իշխան Զաքարեանը պաշտօնապէս հրաւիրած է քաղաքապետերը՝ մասնակցելու Համահայկական ամառային 7-րդ խաղերու հանդիսաւոր բացման՝ նշելով, որ համահայկական նախորդ խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերած էր նաեւ Վանէն ժամանած պատուիրակութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment