Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանի Հակառակորդները Թող Չսխալին «Ներքին Հակասութիւններու» Հաշուով. Զոհրապ Մնացականեան

Հայաստանի Հակառակորդները Թող Չսխալին «Ներքին Հակասութիւններու» Հաշուով. Զոհրապ Մնացականեան

by MassisPost

Հայ հասարակութեան մէջ կրնան վիճիլ, բայց այդ չանդրադառնար անոր միասնականութեան վրայ, մանաւանդ արտաքին քաղաքական ասպարէզին մէջ։ Նման կարծիք յայտնած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ։

Նախարարը հաւաստիացուցած է, որ սերտօրէն կը համագործակցի արցախցի պաշտօնակիցին հետ, վարչապետը կը համագործակցի Արցախի նախագահին հետ, բանակցութիւններէն առաջ եւ ետք տեղի կ’ունենան հանդիպումներ Արցախի ներկայացուցիչներու հետ։ Ընդ որում՝ այդ համագործակցութիւնը կ’արտացոլէ Արցախի մասնակցութեան գիծը բանակցային գործընթացին։ «Դա բարդ, բայց սկզբունքային հարց է։ Հարցը վերաբերում է Արցախին, եւ առանց նրա վճռական ձայնի առաջընթացն անհնար է։ Համագործակցութիւնը եղել է արդիւնաւէտ եւ այդպիսին է։ Արցախն իր մօտեցումներն ու դիրքորոշումներն ունի, որոնք արտայայտում են հանրապետութեան ղեկավարները»,- ըսած է նախարարը։

Լրագրողներուն հետաքրքրած է Զոհրապ Մնացականեանի կարծիքը նախօրէին վարչապետի ըրած նկատառումներու եւ Ստեփանակերտի պատասխանի մասին, որոնք մտածել կու տան ինչ-որ հակասութեան մասին։ Ինչպէս պարզուած է, գիշերը աշխատանքային ուղեւորութենէն վերադարձած նախարարը անոնց հանգամանալիօրէն ծանօթ չէ, այդ պատճառով խնդրած է յետաձգել այդ հարցերու պատասխանները։

Իսկ ընդհանուր առմամբ, նախարարը կը կարծէ, որ քննարկումները կ’ամրապնդեն հասարակութիւնը եւ իշխանութիւնները՝ բանակցային գործընթացին։ Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ փաստաթուղթերու փոխանակման, նախարարը հաստատած է այդ տեղեկութիւնները։ «Ես համոզուած եմ, որ ոչ մի քննարկում չի կարող սասանել մեր միասնութիւնը։ Ներսում մենք կարող ենք որքան ասես վիճել, բայց արտաքին ճակատում թող հակառակորդները չսխալուեն, մենք միասնութիւնը պահում ենք։ Քանիցս դա ապացուցուել է։ Թող ոչ ոք դա կասկածի տակ չդնի»,- ընդգծած է Զոհրապ Մնացականեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment