Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ապրիլեան Պատերազմի Հետքերով

Ապրիլեան Պատերազմի Հետքերով

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային Ժողովին կողմէ կազմուած խորհրդարանական յանձնաժողովը սկսաւ ուսումնասիրել Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հանգամանքները, պատասխանելու համար այն բոլոր հարցերուն, որոնք անցնող երեք տարիներուն մնացին չլուսաբանուած:

2016-ի Ապրիլ 2-ին, Ատրպէյճանական բանակը անակնկալ յարձակում գործեց ղարաբաղեան ճակատներուն վրայ ու յաջողեցաւ արձանագրել որոշ յառաջխաղացք: Պատերազմի յաջորդ օրերուն Հայկական զօրքերը նախաձեռնութիւնը վերցնելուվ իրենց կողմը, կարողացան ետ մղել թշնամի զօրքերը: Պատերազմը աւարտեցաւ Ապրիլ 6-ին, երբ երկու երկիրներու բանակի հրամանատարներու մասնակցութեամբ, Մոսկուայի մէջ գոյացաւ զինադադարի համաձայնութիւն:

Պատերազմի ընթացքին Հայկական կողմը տուաւ աւելի քան հարիւր զոհ: Զինադադարի հաս-տատումէն ետք, գործող նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ 800 հեքթար հողատարածք անցած է Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ: Այս առթիւ ան նաեւ կատարեց բաւական զարմանալի յայտարարութիւն մը թէ, Հայկական զօրքերը կռուելով հանդերձ 80-ական թուականներու զէնքերով յաջողեցան կասեցնել թշնամիի յառաջխաղացքը:

Պատերազմին յաջորդող օրերուն եւ շաբաթներուն եղան այլազան հրապարակումներ այն մասին, որ յարձակման առաջին ժամերուն հայ զինուորներուն հրաման չէ տրուած կրակելու յառաջացող զօրքերուն վրայ, հայկական շատ մը զրահամեքենաներու մէջ չէ եղած վառելիք, առաջին գիծի վրայ կանգնած զինուորները չեն ունեցած բաւարար քանակի փամփուշտ եւ այլն: Այս բոլոր հարցերը մնացին, ինչպէս սովոր են ըսել Հայաստանցիք՝ «օդին մէջ կախուած»: Թէ ինչո՞ւ, հայկական բանակը պիտի կռուէր 80-ականի զէնքերով, այդ հարցը եւս մնաց անպատասխան:

Նախկին իշխանութիւնները հրապարակային ոչ մէկ բացատրութիւն տուին կասկածներ յառաջացնող այս հարցերուն, իսկ այժմ որ, նոր իշխանութիւնները քայլեր կը ձեռնարկեն այդ ուղղութեամբ, բողոքի ձայներ կը բարձրանան ՀՀԿ-ի, քոչարեանականներու եւ Վազգէն Մանուկեաններու կողմէ, առարկելով թէ, նման ուսումնասիրութիւններ թշնամիի ջաղացքին ջուր պիտի լեցնեն: Սակայն, ինքզինք յարգող որեւէ պետութիւն ու կառավարութիւն, պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք պէտք էր կատարած ըլլար նման ուսումնասիրութիւն, գնահատական տուած ըլլար ու յանձնարարականներ կատարուէին՝ յառաջիկային նոյն կացութիւններու առջեւ չգտնուելու համար: Եթէ այդ բոլորը կատարուած են, սակայն մնացած են հանրութենէն գաղտնի, այդ բաւարար չի կրնար համարուիլ:

Ի՞նչ կը վերաբերի պետական գաղտնիքներ չհրապարականացնելու մտահոգութիւններուն, Յանձնաժողովի նիստերը առայժմ տեղի կ՛ունենան դռնփակ, որոշ հանգրուանէ մը ետք արդիւնքներու մասին հասարակութեան տեղեկացնելու համար:

Ապրիլեան պատերազմի հանգամանքներու ուսումնասիրութիւնը եւ անոնցմէ դասեր քաղելը այն նուազագոյնն է, որ պէտք է կատարուի: Հայաստանը այդ մէկը պարտական է իր նահատակ զինուորներուն:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment