Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Freedom House. «Մամուլի Ազատութիւնը Հայաստանի մէջ Արձանագրած է Դրական Փոփոխութիւններ»

Freedom House. «Մամուլի Ազատութիւնը Հայաստանի մէջ Արձանագրած է Դրական Փոփոխութիւններ»

by MassisPost

Յունիս 5-ին Freedom House ամերիկեան հետազօտական հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը հրապարակած է աշխարհի մէջ մամուլի ազատութեան վերաբերեալ իր վերջին «Վայրընթաց պարոյր» (Downward Spiral) վերնագրով զեկոյցը, որուն մէջ կը քննարկուի նաեւ Հայաստանի մէջ մամուլի ազատութիւնը։

Հետազօտութիւնը կը վերլուծէ մամուլի ազատութիւնը 2018 թուականին։

«Խաւարի մէջ ուղղորդող լոյսեր»
Զեկոյցը արձանագրած է ամբողջ աշխարհի մէջ մամուլի ազատութեան սահմանափակման միտումներ, սակայն այդ բացասական միտումներուն զուգահեռ՝ Freedome House-ը արձանագրած է դրական փոփոխութիւններ աշխարհի հինգ երկիրներու մէջ: Այս երկիրները ներկայացուած են «խաւարի մէջ ուղղորդող լոյսեր» ենթավերնագրի տակ։ Անոնք են Եթովպիան, Մալիզիան, Էկուատորը, Կամպիան եւ Հայաստանը։ Այդուհանդերձ, ինչպէս կը նշէ զեկոյցը, Հայաստանը ցուցանիշի բարելաւում չէ արձանագրած 2017 թուականի համեմատ։ Այս երկիրներու դրական տեղաշարժը, ըստ զեկոյցի, անգամ մը եւս ի ցոյց կը դնէ այն, որ մամուլի ազատութիւնը մեծապէս կախուած է այլ քաղաքական ազատութիւններէ, այսինքն՝ երբ տուեալ երկրին մէջ կ’իշխեն մենատիրական ուժեր, մամուլի ազատութիւնը եւս կը սահմանափակուի, մինչդեռ բարեփոխման օրակարգով իշխանութեան եկած ուժերը աւելի հակուած են ընդունելու ազատ մամուլի քննադատութիւնը։

«Մետիան եւ ժողովրդավարութիւնը»
«Մետիան եւ ժողովրդավարութիւնը» վերնագիրը կրող հատուածին մէջ զեկոյցը մանրամասն անդրադարձած է Հայաստանի մէջ յեղափոխութեան ընթացքին մամուլի դերակատարութեան։ Ըստ Freedom House-ի, թէեւ յեղափոխութեան ընթացքին խոշոր հեռուստաընկերութիւնները սկզբնական շրջանին լռութիւն կը պահպանէին երկրին մէջ տեղի ունեցող ցոյցերու վերաբերեալ, սակայն անկախ լրատուամիջոցներու փոքրիկ զանգուած մը (ներառեալ «Ազատութիւն» ռատիոկայանը եւ «Սիվիլնեթը») կրցաւ ապահովել խորքային լրատւութիւն՝ ներառեալ ուղիղ հեռարձակումներն ու ընկերային մետիայի հմուտ կիրառումը։ Ընկերային մետիայի վերաբերեալ զեկոյցի հատուածին մէջ եւս դրական գնահատուած է Հայաստանի մէջ Ֆէյսպուքի եւ ուղիղ հեռարձակման այլ նմանատիպ հնարաւորութիւններու կիրառումը հակակառավարական ցոյցերու նպատակներու եւ չափերու վերաբերեալ կառավարութեան յայտարարութիւնները հակակշռելու եւ ուժային կառոյցներու կողմէ բռնութեան կիրառման դէպքերը արձանագրելու համար։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment