Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Շարլ Ազնաւուրի Հաւաքածուի Քանդակներէն Մէկը Վաճառուած է 2,1 Միլիոն Եւրոյով

Շարլ Ազնաւուրի Հաւաքածուի Քանդակներէն Մէկը Վաճառուած է 2,1 Միլիոն Եւրոյով

by MassisPost

Germaine Richier piece La TauromachieChristie՛ աճուրդի տունը վաճառած է Շարլ Ազնաւուրի հաւաքածուի քանդակներէն մէկը՝ 2,1 միլիոն եւրոյով:

Ֆրանսացի Ժերմըն Ռիշիէոյի պրոնզաձոյլ արձանը՝ ցուլի գլուխէն բռնած ցլամարտիկը, ստեղծուած էր 1953- ին, անոր կրկնօրինակներն այժմ կը ցուցադրուին աշխարհի շարք մը հեղինակաւոր թանգարաններուն մէջ:

Ազնաւուրը, որ վախճանեցաւ անցեալ տարուան Հոկտեմբերին՝ 94 տարեկանին, յայտնի էր արուեստի գործերու հանդէպ սիրով եւ սեփական մեծ հաւաքածուն ունէր:

Նոյն աճուրդին վաճառուած է նաեւ Ազնաւուրի հաւաքածուէն Սեզար Պալտաչինիի քանդակը՝ 72 հազար եւրոյով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment