Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Նախարար Յակոբ Արշակեան Այցելեց Լոս Անճելոս

Նախարար Յակոբ Արշակեան Այցելեց Լոս Անճելոս

by MassisPost

Շաբաթավերջին Լոս Անճելոս այցելեց Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութեան «information technolog», նախարար Յակոբ Արշակեան: Իր կեցութեան ընթացքին յարգարժան երիտասարդ նախարարը՝ շահեկան հանդիպումներ ունեցաւ հաւաքական եւ անհատական մակարդակներու վրայ: Առաջինը՝ մամլոյ ասուլիսն էր, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի Մայիս 30, 2019, նախաձեռնութեամբ տեղւոյս Հայաստանի աւագ հիւպատոսութեան, որուն ներկայ գտնուեցան հայ եւ օտար լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

Ուրբաթ, Մայիս 31-ի երեկոյեան, Հայաստանի հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցաւ շքեղ հիւրասիրութիւն մը, ի պատիւ նախարար Յակոբ Արշակեանի: Ընդունելութեան ներկայ էին Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան, ինչպէս նաեւ Գալիֆորնիոյ հայ համայնքի կրօնական եւ քաղաքական ու ընկերային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ: ՍԴՀԿը կը ներկայացնէին ատենապետ Գրիգոր Խոտանեան եւ Գ. Մոլոյեան:

Հայաստանի աւագ հիւպատոս եւ դեսպան Արմէն Բայբուրդեան ողջոյնի ջերմ խօսքերով շնորհակալութիւն յայտնեց հիւպատոսարանի կողմէ նախաձենռուած այս միջոցառումին համար իրենց համագործակցութիւնն ու աջակցութիւնը ցուցաբերած Ամերիկահայ Գործարարներու Խորհուրդին, Ամերիկահայ Գիտնականներու Կազմակերպութեան, Հայ Արհեստավարժներու Ընկերակցութեան եւ «Արփա» հիմնարկին:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ նախարար Յակոբ Արշակեան: Ան ամփոփ գիծերու մէջ, նկարագրեց թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Հայաստանի կառավարութեան արձանագրած ժողովրդանուէր ձեռքբերումները: Առանձնաբար նշեց նաեւ դատական համակարգէն ներս իրագործուելիք բարեփոխումներուն եւ այլ բնագաւառներու մէջ տեղի ունեցած յառաջընթացի մասին£ Ժողովրդային յեղափոխութեան իրագործումներէն կարեւորագոյններէն մին պիտի ըլլայ տնտեսական յեղափոխութեան իրականացումը, որուն համար առանձին առաքելութիւն մը վիճակուած է իր նախարարութեան:

Նախարար Արշակեան գիտա-թեքնիքական բնագաւառներու յառաջընթացին համար կարեւորութեամբ ընդգծեց նաեւ սփիւռքի մասնակցութիւնն ու գործնական ներդրումները, քանի որ նման մասնակցութիւն մը կրնայ մեծապէս սատարել երկրի ընդհանուր յառաջընթացին եւ բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացումին: Իր խօսքի աւարտին՝ ընդգծեց. «….Մեր սիրտերը բաաբախում են միասին»:
Շաբաթ, Յունիս 1-ի կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին Կենտէլյի «Հիլթըն» հիւրանոցի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդարձակուած ժողովրդային հանդիպում մը նախարար Յակոբ Արշակեանի հետ£ Սոյն հաւաքին ներկայ էին հայ մամուլի եւ հասարակութեան տարբեր հատուածներու շուրջ 200 հրաւիրեալներ, մեծ մասամբ գործարարներ, արդիւնաբերողներ եւ առեւտրական զանազան հաստատութեան ներկայացուցիչներ:

Օրուան հանդիսավարն էր Լոս Անճելոսի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոս-դեսպան Պրն. Արմէն Բայբուրդեան: Յաջորդաբար ելոյթներ ունեցան առեւտրական եւ արդիւնաբերական ու գիտա-թէքնիքական հիմնարկութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց պատկերացումն ու առաջադրանքները ներկայացուցին Հայաստանի ընդհանուր յառաջընթացին համար:

Այստեղ եւս ելոյթ ունեցաւ նախարար Արշակեան: Ան ընդհանուր առմամբ բնութագրեց երկրէն ներս ծրագրուած օգտաշատ փոփոխութիւններն ու յառաջիկայի մարտահրաւէրները դիմակալելու առաջադրանքները£ Աւարտին տեղի ունեցան շահեկան հարցադրումներ, որոնց համար տրուեցան գոհացուցիչ պատասխաններ:

Կը շնորհաւորենք վերոյիշեալ նախաձեռնութեան հեղինակ Հայաստանի աւագ հիւպատոսութիւնը եւ յաջողութիւն կը մաղթենք յառաջիկիայ աշնան, Հայաստնաի մէջ գուարմուելիք Տեղեկատութեան արհեստագիտութեան համարշխահային համագումարին (World Congress on «information technology», որուն պիտի մասնակցին 60 երկիրներէ ժամանած 2000 պատուիրակներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment