Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ազգային Ժողովը Ընդունած Է Մարտ 1-ի Զոհերու Հարազատներուն Եւ Տուժածներուն Հատուցում Տրամադրելու Օրինագիծը

Ազգային Ժողովը Ընդունած Է Մարտ 1-ի Զոհերու Հարազատներուն Եւ Տուժածներուն Հատուցում Տրամադրելու Օրինագիծը

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ միաձայն ընդունած է Ազգային ժողովի փոխնախագահներ Ալեն Սիմոնեանի ու Լենա Նազարեանի կողմէն շրջանառութեան մէջ դրուած «2008 թուականի Մարտ 1-էն 2-ը Երեւան քաղաքի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու ժամանակ տուժած անձանց աջակցութեան մասին» օրինագիծը:

Ըստ այդմ, Մարտ 1-ին միջին եւ ծանր վնասուածք ստացած քաղաքացիները աջակցութենէն օգտուելու համար պէտք է ներկայացնեն դատաբժշկական փորձագէտի եզրակացութիւնը: Օրէնքը չի վերաբերիր թեթեւ մարմնական վնասուածք ստացած անձանց:

Առաջին ընթերցմամբ քննարկման ժամանակ նախագիծի հեղինակ Լենա Նազարեանի ներկայացուցած՝ քննչական ծառայութեան տուեալներով, 2008-ի Մարտ 1-2-ին ծանր եւ միջին աստիճանի վնասուածք ստացած է 63 քաղաքացի:
Կը նախատեսուի աջակցութիւն տրամադրել նաեւ Մարտ 1-ին տուժած ոստիկաններուն՝ բացի անոնցմէ, որոնք քրէական հետապնդման ենթարկուած են եւ չեն արդարացուած:

Աջակցութեան չափն ու կարգը դեռ յայտնի չեն, այն պիտի սահմանէ Կառավարութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment