Christie՛ աճուրդի տունը վաճառած է Շարլ Ազնաւուրի հաւաքածուի քանդակներէն մէկը՝ 2,1 միլիոն եւրոյով:
Ֆրանսացի Ժերմըն Ռիշիէոյի պրոնզաձոյլ արձանը՝ ցուլի գլուխէն բռնած ցլամարտիկը, ստեղծուած էր 1953- ին, անոր կրկնօրինակներն այժմ կը ցուցադրուին աշխարհի շարք մը հեղինակաւոր թանգարաններուն մէջ:
Ազնաւուրը, որ վախճանեցաւ անցեալ տարուան Հոկտեմբերին՝ 94 տարեկանին, յայտնի էր արուեստի գործերու հանդէպ սիրով եւ սեփական մեծ հաւաքածուն ունէր:
Նոյն աճուրդին վաճառուած է նաեւ Ազնաւուրի հաւաքածուէն Սեզար Պալտաչինիի քանդակը՝ 72 հազար եւրոյով: