Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԿԲՄ Սկսած է Ընդունիլ Կրթաթոշակներու Դիմումնագրեր

ՀԿԲՄ Սկսած է Ընդունիլ Կրթաթոշակներու Դիմումնագրեր

by MassisPost

PrintՀայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը (ՀԿԲՄ) ուրախ է յայտնելու որ, սկսած է ընդունիլ ուսանողական կրթաթոշակներու դիմումնագրեր՝ 2019-2020 դպրոցական տարեշրջանի համար:  Նպաստներ պիտի յատկացուին, իւրաքանչիւրը 1500 տոլարի գումարով,  հինգ ուսանողներու, որոնք կը յաճախեն Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող եւ հաւատարմագրուած գոլէճներ  կամ համալսարաններ:

Դիմողները պէտք է ունենան հայկական ծագում, կրնան հաստատել իրենց կարիքաւոր ըլլալը, ունին նուազագոյնը 3.3 GPA եւ գործունեայ են հայկական համայնքէն ներս:

Այս պայմանները լրացնող ուսանողները կրնան այցելել AEBU.org կայքը՝ յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ դիմումնագրեր ստանալու համար:

Դիմումնագրերը կրնան ներկայացուիլ  մինչեւ Յունիս 30, 2019, առցանց եւ կամ նամակատան միջոցաւ՝ ուղարկելով հետեւեալ հասցէին.

AEBU Scholarship Committee, 1060 N. Allen Ave., Pasadena, CA 91104

ՀԿԲՄ իր տարեկան նպաստները պիտի յատկացնէ մրցակցական հիմունքներով եւ վերանայումէ ետք: Նպաստները պիտի տրուին բարձրագոյն առաջին հինգ ուսանողներուն: Արդիւնքները պիտի  յայտարարուին  Յուլիս 2019-ի աւարտին,  մեր կայքէջի  վրայ եւ էլ-նամակով.

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը հիմնուած է 1969-ին խումբ մը նուիրեալներու կողմէ, որոնք հաւատացած են կարիքաւոր ուսանողներուն օգտակար դառնալու առաքելութեան: Մենք կը հաւատանք, որ ուսանողական նպաստները  կարեւոր ներդրումներ են մեր երիտասարդներու կրթութեան՝  կերտելու համար աւելի փայլուն ապագայ մը:

ՀԿԲՄ Քալիֆորնիոյ մէջ հաստատուած բարեսիրական կազմակերպութիւն է եւ ունի ոչ հասութաբեր section 501 (c) (3) Internal Revenue Code. Tax ID # 95-3798531 կարգավիճակ:

Յունիս 3, 2019

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment