Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սամուէլ Բաբայեանի Համակիրներուն Հետ Կապուած Միջադէպի Գործով Երկու Անձ Կալանաւորուած է

Սամուէլ Բաբայեանի Համակիրներուն Հետ Կապուած Միջադէպի Գործով Երկու Անձ Կալանաւորուած է

by MassisPost

Սամուէլ Բաբայանի համակիրներու ուղղութեամբ հրազէնէ կրակ արձակելու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործի շրջանակէն ներս երկու անձ կալանաւորուած է։

Քննչական կոմիտէի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Նայիրա Յարութիւնեանը «Ազատութեան» փոխանցած է, որ Ալեքսէյ Բալայեանին եւ Ռոլանտ Այդինեանին մեղադրանք առաջադրուած է Քրէական օրէնսգիրքի 235-րդ յօդուածի 2-րդ մասով՝ ապօրինի կերպով զէնք-զինամթերք ձեռք բերելը, կրելը կամ փոխադրելը, որոնք կատարուած են խումբ մը անձանց կողմէ՝ նախնական համաձայնութեամբ։

Քննչական կոմիտէի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետը նաեւ նշած է, որ քրէական գործի շրջանակէն ներս բացի նշուած մեղադրեալներէն երկու անձ ներգրաւուած է որպէս կասկածեալ։ «Ընդհանուր առմամբ՝ կասկածեալի երկու եւ մեղադրեալի երկու դատավարական կարգավիճակ ունեցող անձինք կան», – ըսած է Նայիրա Յարութիւնեանը։

Յիշեցնենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախկին նախարար, Արցախի հերոս Սամուէլ Բաբայեանի գրասենեակը օրերս հաղորդագրութիւն տարածած էր,  ըստ որու, 29 Մայիսի գիշերը, Սեւանի մայրուղիի Սեւան-Մարտունի ճանապարհահատուածին Բաբայեանի համակիրներու եւ զինակից ընկերներու ճանապարհը փակած են եւ հրազէնէ կրակ արձակած:

Ոստիկանութիւնն ու Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարած են, որ բացայայտած են Բաբայեանի գրասենեակի հրապարակած միջադէպի հանգամանքներ, կան ձերբակալուածներ։ Ոստիկանութիւնը տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ Երեւանի մէջ յայտնաբերուած եւ կասկածանքով ոստիկանութեան Սեւանի բաժին բերման ենթարկուած են Ալեքսէյ Բ.-ն, Հայկ Մ.-ն, Վրէժ Ա.-ն եւ Ռոլանտ Ա.-ն։ Ալեքսէյ Բ.-ն ու Ռոլանտ Ա.-ն ձերբակալուած են եւ կը գտնուին ոստիկանութեան Սեւանի բաժնի ձերբակալուածներու պահման վայրին մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment