Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողանի Քաղաքական Աշունը

Էրտողանի Քաղաքական Աշունը

by MassisPost

ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Կը թուի, թէ Թուրքիոյ երազկոտ սուլթան Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը սկսած է իր քաղաքական կեանքի աշունը ապրելու: Ան Ապտուլլահ Կիւլի, Ահմետ Տաւութօղլուի եւ այլ կուսակցական ընկերներու օգնութեամբ, ինչպէս նաեւ իր նախկին բարեկամ եւ ներկայի թշնամի Ֆեթհուլլահ Կիւլենի հետ գործակցութեամբ, Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը ստանձնեց ու դարձաւ երկրին ամենաազդեցիկ անձը, ապա քուէներու անհրաժեշտ թիւը ապահովելով փոխեց Թուրքիոյ սահմանադրական օրէնքները եւ նախկին նախարարական վարչակարգը վերածեց նախագահականի՝ դառնալով Թուրքիոյ բռնակալը:

Թուրքիոյ տնտեսական վիճակը վերակենդանացաւ Էրտողանի քաղաքական աճին հետ, ան բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացուց արդէն եւ նախատեսած էր իրականացնել կարգ մը ուրիշ ծրագիրներ, սակայն անոնք յանկարծակի դադրեցան, երբ համաշխարհային դրամատուներէն Թուրքիոյ ստացած հսկայ փոխառութիւնները վերադարձնելու ժամկէտը հասաւ, զանոնք պէտք էր տոլարով կամ եուրոյով վճարել: Երկիրը մեծ ճգնաժամի մատնուեցաւ, որովհետեւ իրականացուած ծրագիրները մեծամասնութեամբ հասութաբեր չէին (շէնքեր, հիւրանոցներ, պողոտաներ, կամուրջներ, Էրտողանի նոր պալատը, եւ այլն)։ Միւս կողմէ, Թուրքիոյ լիրան շարունակեց արժեզրկուիլ՝ քաղաքական եւ տնտեսական այլ պատճառներով։ Թուրք եւ օտար տնտեսագէտներ, ի միջի այլոց՝ հայազգի տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլու, նախապէս վերլուծած էին երկրին տնտեսական վիճակը եւ ազդարարած սպասուելիք տագնապին մասին, սակայն Էրտողան, իր օսմանեան ամբարտաւանութեամբ՝ անոնց խորհուրդին ականջ չտուաւ:

Արդարեւ, Էրտողանի քաղաքականութեան վայրէջքը սկսաւ տարիներ առաջ: Ան, երբ երկրին ղեկը ստանձնեց, պէտք էր որ իր աջակիցներուն բաժին տար. Կիւլենի աջակցութիւնը Էրտողանին, վերջինիս սեւ աչքերուն համար չէր, երբ ան եւս ուզեց իր մասնակցութիւնը բերել Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին ու իր բաժինը պահանջեց երկրի տնտեսական ծրագիրներէն, անոնց կեղծ մեղրալուսինը վերջ գտաւ եւ անոր յաջորդեց յեղաշրջում մը, որուն ետին կանգնողը մինչ օրս յայտնի չէ թէ իսկապէս ո՛վ էր։ Սակայն Էրտողան ի շահ իրեն օգտագործեց պատահածը՝ իր քաղաքական ընդդիմադիրները բանտարկելով, անոնց շարքին ըլլալով ռազմական եւ ոստիկանութեան տարբեր ու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, սպաներ եւ օդաչուներ։ Զինուորականներէ բացի, Թուրքիա կորսնցուց մեծ թիւով փրոֆեսէօրներ, մտաւորականներ, գրողներ, լրագրողներ, ուսուցիչներ եւ միջին դասի աշխատաւորներ, որոնք հսկայական մարդուժ կը ներկայացնէին հասարակութեան մէջ։

Երբ Էրտողան յաջողեցաւ իր դիրքերը ամրապնդել եւ իր կասկածելի թշնամիները արմատախիլ ընել, ան Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ բոլոր քիւրտերը թշնամիներ եւ PKK-ի անդամներ համարեց։ PKK-ը Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու իրաւունքներուն համար կը պայքարի, սակայն արեւմտեան երկիրները այդ կուսակցութիւնը ահաբեկչական խումբ կը համարեն՝ միաժամանակ անտեսելով Էրտողանի կողմէ կատարուած բոլոր վայրագութիւնները քիւրտերուն հանդէպ։ Էրտողան, իւրաքանչիւր օր, հարիւրաւոր քիւրտեր կը սպաննէ երկրի արեւելեան եւ հարաւային հատուածներուն մէջ, կը կործանէ անոնց գիւղերն ու քաղաքները եւ կ՛աքսորէ զանոնք երկրի ապահովութեան պատրուակով։ Այնուամենայնիւ, աշխարհի մեծ պետութիւններու քաղաքական կեղծաւորութիւնը եւ տնտեսական շահերը երբե՛ք թոյլ չեն տար, որ Էրտողանի այս յանցագործութիւնները դատապարտուին. նոյնիսկ միջազգային լրատուական միջոցները եւ թերթերը հազուադէպօրէն կ՛անդրադառնան այս բոլորին:

Պատմութիւնը կը կրկնուի: Ժամանակին սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ. հարիւր հազարներով հայեր ջարդեց: 1915-1918 տարիներուն «Իթթիհատ վէ Թարրաքի» կուսակցութեան երեք ղեկավարները՝ Թալէաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը կազմակերպեցին եւ յաջողեցան քիւրտերը օգտագործել՝ իրենց ծրագիրները իրականացնելու համար, թէեւ եղան քանի մը հեռատես քիւրտ ցեղապետներ, որոնք գալիք վտանգը գուշակելով՝ չմասնակցեցան այդ աղէտներուն։ Այժմ, օսմանցիներու թոռը եւ նոր սուլթանական դրօշը կրող Էրտողան, իր նախնիներու ճանապարհէն քալելով՝ քիւրտերը կը կոտորէ: Ո՞ւր են մարդու իրաւունքներու եւ ճնշուած ժողովուրդներու պաշտպան արեւմտեան պետութիւնները:

Էրտողան Թուրքիան նաեւ անջատած է աշխարհի միւս երկիրներէն։ Արդարեւ, ներկայիս իր միակ բարեկամը Քաթարի շէյխ Թեմիմ պըն Համետն է, որ իր կարգին մեկուսացուած է իր արաբ եղբայրներուն կողմէ։ Էրտողանի մտերիմ ընկեր՝ Սուտանի նախկին բռնակալ նախագահ Օմար Պեշիրը, իր ժողովուրդին կողմէ տապալուեցաւ. իսկ Լիպիոյ պարագային, զօրավար Խալիֆա Հաֆթեր իր զօրքը Թրիփոլի մղելով՝ Էրտողանի «իսլամ եղբայրներ»ը չէզոքացուց։ Թուրքիա-Ռուսիա բարեկամութիւնը առեւտուրի խնդիր է, եւ որեւէ կասկածելի մօտեցում Էրտողանի կողմէ նախկին սովետական իսլամ երկիրներուն հետ՝ կրնայ խանգարել այդ բարեկամութիւնը, ինչպէս եղաւ Չինաստանի պարագային, երբ Էրտողան պաշտպանեց Չինաստանի «Այղուր» իսլամներու ապստամբութիւնը։

Երկրէն ներս, Էրտողան պարտուեցաւ տեղական ընտրութիւններուն, ապա ճնշում բանեցուց պատասխանատուներուն վրայ՝ Պոլսոյ մէջ ընտրութիւնները կրկնելու համար, եւ այդպիսով, ան կորսնցուց իր քաղաքական հեղինակութիւնը:

Երկրէն դուրս, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփ կը սպառնայ պատժամիջոցներ կիրառել Թուրքիոյ հանդէպ, եթէ ան չեղեալ չհամարէ ռուսական «SS-400» հրթիռներ գնելու համաձայնութիւնը. աւելին, ան պիտի չարտօնէ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը ամերիկեան ռազմական առաջատար «F-35» ինքնաթիռներու արտադրութեան աշխատանքներուն. տակաւին կան ՆԱԹՕի պատիժները․․․

Եւրոպայի մէջ, Էրտողան իր յարաբերութիւնները «պաղ պատերազմ»ի վերածեց, երբ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն որոշեց Ապրիլ 24ը իբրեւ սուգի օր նշել Ֆրանսայի մէջ, իսկ Իտալիոյ ու Փորթուկալի խորհրդարանները ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Էրտողան՝ զայրացած, յայտնեց, թէ 1915ի հայերու տեղահանութեան որոշումը ճիշդ որոշում էր, եւ թէ ինք պատրաստ է նո՛յնը ընել այսօր, նման պայմաններու մէջ։ Ան արդէն որոշած է նոյնը ընել քիւրտերուն հետ:

Այս բոլորէն ետք, դէպի ո՞ւր կ՛երթայ երազկոտ «սուլթան» Էրտողանը․․․

Հաստատաբար, ան իր քաղաքական վերջին ժամանակաշրջանը կ՛ապրի եւ իր վախճանին կը մօտենայ, սակայն՝ ծանր քայլերով, եւ ի վերջոյ, ան իր գահէն վար պիտի տապալի ի՛ր իսկ ժողովուրդին ձեռամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment