Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ապրիլեան Պատերազմի Քննիչ Յանձնաժողովի Նիստերը Տեղի Պիտի Ունենան Դռնփակ

Ապրիլեան Պատերազմի Քննիչ Յանձնաժողովի Նիստերը Տեղի Պիտի Ունենան Դռնփակ

by MassisPost

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հանգամանքները քննող յանձնաժողովը աշխատանքը պիտի սկսի յաջորդ շաբթուընէ: Քննիչ յանձնաժողովի լիազօրութիւնները պիտի իրականացնէ Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովը, այն պիտի ղեկավարէ «Իմ քայլէն» պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեանը:

«Յանձնաժողովի նախագահը՝ պարոն Քոչարեանը, նախատեսում է առաջին նիստը անցկացնել յունիսի 4-ին», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցը: – «Յանձնաժողովի աշխատանքները անցկացուելու են հիմնականում փակ: Յանձնաժողովը որոշում կը կայացնի, թէ որ չափով է հրապարակելու նիւթերը»:

Ազգային ժողովէն ներս քննիչ յանձնաժողով ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած էր 20 Մայիսին: Խօսելով Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ տարաձայնութիւններ հրահրող «նախկին կաշառակեր համակարգի որոշ ուժերու մասին»՝ գործադիրի ղեկավարը նշած էր՝ «հասունացել է 2016 թուականի ապրիլեան պատերազմի հանգամանքներն ուսումնասիրող Ազգային ժողովի քննիչ յանձնաժողով ստեղծելու ժամանակը»: Մինչեւ վարչապետ դառնալն ալ Փաշինեանը յայտարարած էր՝ քառօրեայ պատերազմը պատշաճ քննելու կարիք կայ:

Բացի պատգամաւորներէն՝ յանձնաժողովին մէջ պիտի ընդգրկուին նաեւ փորձագէտներ: Յանձնաժողովի անդամները առայժմ չեն մանրամասնած՝ որոնք են անոնք:

Քննիչ յանձնաժողովի անդամ, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւոր Վարդան Վարդանեանի կարծիքով այդ հարցերը պիտի յստակեցուին առաջին նիստին: Պիտի գործէ նաեւ առանձին աշխատանքային խումբ, որ պիտի զբաղուի թեքնիք հարցերով: – «Պէտք է մանրամասն ուսումնասիրութիւն կատարուի ե՛ւ պատճառներու մասին, ե՛ւ հետեւանքներու մասին», – նշած է Վարդանեանը:

Իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր, ազատամարտիկ Սասուն Միքայէլեանը կը վստահեցնէ՝ յանձնաժողովը պիտի պատասխանէ քառօրեայի հետ կապուած հանրութեան յուզող հարցերու մասին․ – «Մարդոց կասկածանքները պէտք է փարատուի էդ յանձնաժողովի միջոցով: Պիտի էն ձեւի էդ յանձնաժողովն աշխատի, որ նման բան դրանից յետոյ չլինի»:

Ապրիլեան պատերազմի զոհերու հարազատները օրեր առաջ «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ցանկութիւն յայտնած էին ընդգրկուելու յանձնաժողովին մէջ:

Ըստ նիւթերու պիտի հրաւիրուին նաեւ պաշտպանութեան ոլորտի նախկին ու ներկայ պաշտօնեաներ:

Ըստ օրէնքի յանձնաժողովը պիտի գործէ վեց ամիս: Պատգամաւորները կը վստահեցնեն՝ իրենց սկսած աշխատանքը պիտի տեղափոխուի իրաւական տիրոյթ, եթէ ուսումնասիրութեան արդիւնքով քարէօրէն պատժելի հանգամանքներ ի յայտ գան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment