Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը Եւրոպայի Խորհուրդին Առաջարկած է Ներգրաւուիլ Հայաստանի Դատաիրաւական Համակարգի Բարեփոխումներու Գործընթացին Մէջ

Վարչապետը Եւրոպայի Խորհուրդին Առաջարկած է Ներգրաւուիլ Հայաստանի Դատաիրաւական Համակարգի Բարեփոխումներու Գործընթացին Մէջ

by MassisPost

Եւրոպայի խորհուրդը (ԵԽ) կ’ողջունէ դատաիրաւական ոլորտին մէջ արմատական բարեփոխումներ իրականացնելու Հայաստանի կառավարութեան քայլերը, Երեւանի մէջ ըսած է ԵԽ քարտուղարութեան Մարդու իրաւունքներու հարցերով գլխաւոր տնօրէն Քրիստոս Ճաքումոպուլոսը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ աշխատանքային նախաճաշի ժամանակ։

Ըստ Կառավարութեան պաշտօնական կայքէջի, Ճաքումոպուլոսի ղեկավարած պատուիրակութեան այցը Երեւան տեղի կ’ունենայ Հայաստանի մէջ դատաիրաւական համակարգի արմատական բարեփոխումներու առնչութեամբ 22 Մայիսին Փաշինեանի եւ Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թորպիորն Եակլանտի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան արդիւնքով Հայաստանի մէջ դատաիրաւական բարեփոխումներուն աջակցութիւն տրամադրելու նպատակով։

Եւրոպայի խորհուրդի քարտուղարութեան Մարդու իրաւունքներու հարցերով գլխաւոր տնօրէնը նշած է, որ Հայաստան ժամանած են` քննարկելու անոնց իրականացման համար երկկողմ համագործակցութեան յետագայ քայլերն ու գործողութիւնները:

Քրիստոս Ճաքումոպուլոսը աւելցուցած է, որ Եւրոպայի խորհուրդը պատրաստ է սերտօրէն համագործակցելու Հայաստանի կառավարութեան հետ` բարեփոխումներու գործընթացին` ներդնելով ԵԽ ամբողջ փորձագիտական ներուժը:

Ընդգծելով Հայաստանի` Եւրոպայի խորհուրդի անդամ ըլլալու փաստը, վարչապետը Եւրոպայի խորհուրդին առաջարկած է ոչ թէ օգնել, այլ ներգրաւուիլ դատաիրաւական համակարգի բարեփոխումներու գործընթացին:

Երկուստեք նշուած է, որ Հայաստանի մէջ փտածութեան դէմ պայքարը եւ դատական համակարգի բարեփոխումները պէտք է համապատասխանեն Սահմանադրութեան, միջազգային չափանիշներուն եւ որպէս Եւրոպայի խորհուրդի անդամ պետութիւն Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն։

Վարչապետը համոզմունք յայտնած է, որ կառավարութիւնը կը յաջողի միջազգային գործընկերներու հետ սերտ համագործակցութեամբ ձեւաւորել վստահելի դատական համակարգ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment