Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Դատաւոր Գրիգորեանը Սահմանադրական Դատարանէն ետ Վերցուցած է Քոչարեանի Գործի Նիւթերը՝ Պատճէնահանելու եւ Վերաքննիչ Ատեան Ուղարկելու Համար

Դատաւոր Գրիգորեանը Սահմանադրական Դատարանէն ետ Վերցուցած է Քոչարեանի Գործի Նիւթերը՝ Պատճէնահանելու եւ Վերաքննիչ Ատեան Ուղարկելու Համար

by MassisPost

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանքէն ազատ արձակած, անոր գործով վարոյթը կասեցնելու մասին որոշում կայացուցած եւ այն Սահմանադրական դատարան (ՍԴ) ուղարկած դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանը ՍԴ-էն ետ վերցուցած է գործի նիւթերը՝ պատճէնահանելու եւ Վերաքննիչ դատարան ուղարկելու համար։ Այդ մասին «Ազատութեան» փոխանցած են դատաւոր Գրիգորեանի գրասենեակէն։

Թէ՛ Գլխաւոր դատախազութիւնը, թէ՛ Մարտ 1-ի զոհերու իրաւայաջորդներու ներկայացուցիչը Վերաքննիչ դատարանին մօտ բողոքարկած են Քոչարեանը կալանքէն ազատ արձակելու եւ քրէական գործը կասեցնելու մասին որոշումները։

Աւելի վաղ Վերաքննիչ քրէական դատարանէն «Ազատութեան» յայտնած էին, որ կը շարունակեն սպասել առաջին ատեանի դատարանի պատասխանին՝ գործի նիւթերը Սահմանադրական դատարանէն ետ ստանալու վերաբերեալ։ Վերաքննիչ դատարանէն, սակայն, յայտարարած էին, որ առանց նիւթերու չեն կրնար վարոյթ ընդունիլ բողոքները կալանքի եւ գործի կասեցման որոշումներու հետ կապուած:

Սահմանադրական դատարանի աշխատակազմն ալ հաղորդագրութիւն տարածած էր՝ վստահեցնելով, որ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ միւսներու գործի նիւթերը Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանի կողմէ համապատասխան գրութիւն ներկայացուելու պարագային կրնան վերադարձուիլ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment