Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Հանդիպած է Հայաստանի Ղեկավարութեան Հետ

Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Հանդիպած է Հայաստանի Ղեկավարութեան Հետ

by MassisPost

Վերջին շրջանին Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ յաճախակի դարձած բարձրաստիճան պաշտօնական փոխայցերը, հանդիպումները կը վկայեն երկկողմ յարաբերութիւններու դրական զարգացման մասին, ինչին հայ հասարակութիւնը շատ լաւ կը վերաբերի: Այդ մասին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ընդունելով Չինաստանի Պետական խորհուրդի անդամ, արտաքին գործոց նախարար Վան Ինը:

Փաշինեանը նշած է, որ վերջերս Չինաստան կատարած այցի ծիրէն ներս շատ արդիւնաւէտ հանդիպումներ ունեցած է երկրի նախագահի, վարչապետի, գործարարներու հետ եւ ուրախ է, որ քննարկումներու արդիւնքներով ձեռք բերուած են յստակ պայմանաւորուածութիւններ՝ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ:

Կառավարութեան ղեկավարը կարեւորած է Երեւանի մէջ Հայաստանի եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարներու կողմէ «ՀՀ Կառավարութեան եւ Չինաստանի Կառավարութեան միջեւ սովորական անձնագրեր կրող անձանց համար մուտքի արտօնագրի պահանջի փոխադարձաբար վերացման մասին» համաձայնագրի ստորագրումը, որ կը նպաստէ ոչ միայն մարդասիրական, այլեւ գործարար կապերու զարգացման եւ ներդրումներու ներգրաւման: Այս ծիրէն ներս վարչապետը առաջարկած է համատեղ քննարկել նաեւ օդային ուղիղ հաղորդակցութեան հաստատման հեռանկարները:

Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարի խօսքով՝ իր երկիրը կը կարեւորէ երկխօսութեան ամրապնդումը, փոխշահաւէտ գործակցութեան զարգացումը, եւ Փեքինի մէջ Հայաստանի վարչապետի հանդիպումները, ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները եւս մէկ անգամ ընդգծեցին հայ-չինական յարաբերութիւններու, անոնց շարունակական ընդլայնմանն ու սերտացման երկուստեք տրուող կարեւորութիւնը: «Պատրաստ ենք եւ տրամադրուած ենք խորացնել փոխշահաւէտ գործակցութիւնը Հայաստանի հետ՝ Ձեր ղեկավարութեամբ», – ըսած է նախարարը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ համաշխարհային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան մարտահրաւէրներու շուրջ, կարեւորած համաշխարհային եւ տեղական կայունութեան ամրապնդման ուղղութեամբ համագործակցութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեանը երախտագիտութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցի վերաբերեալ Չինաստանի հաւասարակշռուած դիրքորոշման համար:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ընդունած է նաեւ նախագահ Արմէն Սարգսեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment