Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հիւսիս-Հարաւ» Ճանապարհի Գործով Բացայայտուած են Խոշոր Հարկերէն Խուսափելու Փաստեր

«Հիւսիս-Հարաւ» Ճանապարհի Գործով Բացայայտուած են Խոշոր Հարկերէն Խուսափելու Փաստեր

by MassisPost

«Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցք» ծրագրի իրականացման ընթացքին պաշտօնատար անձանց կողմէ առերեւոյթ յանցաւոր արարքներ, չարաշահումներ կատարելու վերաբերեալ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութեամբ արդէն իսկ ձեռք բերուած փաստական տուեալներով պարզուած են ծրագրին մէջ ընդգրկուած բազմաթիւ ընկերութիւններու միջեւ տարատեսակ ձեւական, «անապրանք» գործարքներու կնքման, փաստաթուղթերու կեղծման, յափշտակութիւններու, հարկերու վճարումէն չարամտօրէն խուսափելու բազմաթիւ դրուագներ: Այս մասին կը հաղորդէ Գլխաւոր դատախազութիւնը:

Մասնաւորապէս, հաղորդագրութեան համաձայն, ծրագրի «М1 Թալինէն Գիւմրի ճանապարհի վերակառուցում եւ բարելաւում» հատուածի շրջանակներէն ներս Թալին-Լանջիկ եւ Լանջիկ-Գիւմրի ճանապարհներու շինարարական աշխատանքներու ընթացքին ակնյայտ չհիմնաւորուած խորհրդատուական ծառայութիւններ մատուցելու վերաբերեալ երկու ընկերութիւններու միջեւ 2016 թուականի Յունիսին կնքուած է երկու պայմանագիր, որոնց հիման վրայ 2016-2018 թուականներուն անոնցմէ մէկուն անուամբ դուրս գրուած են հարկային հաշիւներ շուրջ 1,2 միլիառ դրամ (ներառեալ ԱԱՀ-ն) ընդհանուր արժէքով:

Պարզուած է, որ պայմանագրերը կնքուած են հարկային պարտաւորութիւնները նուազեցնելու նպատակով, որուն համար կազմուած են անապրանք գործարքներ, իրականացուած է կեղծ ձեռնարկատիրութիւն: Նշուած պայմանագրերու շրջանակներէն ներս հարկային հաշիւներով որեւէ տեսակի խորհրդատուական ծառայութիւններ չեն մատուցուած, այսինքն, ըստ էութեան, կայացած են «անապրանք» գործարքներ, կը նշէ դատախազութիւնը:

Պարզուել և հիմնաւորուել է նաև, որ կեղծ փաստաթղթերով որպէս խորհրդատուութիւն տրամադրած ընկերութեան աշխատակիցների կողմից 2016-2017 թուականներին ընկերութեան բանկային հաշուից կանխիկացուել է շուրջ 600 միլիոն դրամ, որը փոխանցուել է ընկերութիւնը փաստացի ղեկավարող անձին, իսկ նշուած գումարներն ընկերութեան դրամարկղում ձևակերպուել են որպէս այլ անձի՝ ընկերութեան հիմնադրին տրուած շահաբաժիններ:

Ներգրաւուած ընկերութիւններու նուազեցուած հարկային պարտաւորութիւններու եւ պետութեան պատճառած վնասի հաշուարկման նպատակով նշանակուած են մասնագիտական հարկային ստուգումներ, որոնցմէ երկուքէն ստացուած աքթերով արձանագրուած են 1 միլիառ 10 միլիոն դրամի չվճարուած հարկեր, պետութեան պատճառուած վնաս՝ ներառեալ տոյժերը, տուգանքները: Միւս ստուգումները դեռ ընթացքի մէջ են:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment