Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գագիկ Յարութիւնեանը Հրաժարական Տուաւ Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի Նախագահի Պաշտօնէն

Գագիկ Յարութիւնեանը Հրաժարական Տուաւ Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի Նախագահի Պաշտօնէն

by MassisPost

Բարձրագոյն դատական խորհուրդի (ԲԴԽ) նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանը հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է: Այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ յայտնած է Բարձրագոյն դատական խորհուրդի մամուլի քարտուղար Արման Խաչատրեանը:

«Բարձրագոյն դատական խորհրդի յարգարժան անդամներ, նկատի ունենալով դատական իշխանութեան եւ դատաւորների առնչութեամբ ընթացող զարգացումները եւ այդ առիթով մայիսի 20-ին մամուլով իմ կողմից արտայայտած մտահոգութիւնները՝ այլեւս նպատակայարմար չեմ համարում իմ յետագայ աշխատանքը Բարձրագոյն դատական խորհրդի նախագահի եւ Խորհրդի անդամի կարգավիճակներում», – իր դիմումին մէջ գրած է Յարութիւնեանը՝ խնդրելով իր լիազօրութիւնները այսօրուընէ համարել դադրած:

«Ձեզ մաղթում եմ յետագայ բեղմնաւոր գործունէութիւն՝ իրաւական պետութեանը պատշաճող անկախ դատական իշխանութեան կայացման գործում», – ըսուած է Գագիկ Յարութիւնեանի դիմումին մէջ:

Ան նաեւ խոստացած է Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայրենակիցներուն «տարիներով կուտակուած» ասելիքը ներկայացնել յաջորդիւ:

«Վստահ եմ, որ այսուհետ բաւարար ժամանակ կ’ունենամ՝ յատկապէս միջազգային մասնագիտական գործակցութեան շրջանակներում առաւել աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալելու համար՝ ի բարօրութիւն հայ ժողովրդի: Աստուած պահապան մեր երկրին ու ժողովրդին», – գրած է Գագիկ Յարութիւնեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment