Home ԳՐԱԿԱՆ «Միլիոնէն Մէկը. Ցեղասպանութեան Ականատես Զէյթունցի Պատանիի Մը Յուշերը» Գիրքի Շնորհանդէսը «Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկ»-էն Ներս

«Միլիոնէն Մէկը. Ցեղասպանութեան Ականատես Զէյթունցի Պատանիի Մը Յուշերը» Գիրքի Շնորհանդէսը «Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկ»-էն Ներս

by MassisPost

«Միլիոնէն մէկը. ցեղասպանութեան ականատես զէյթունցի պատանիի մը յուշերը» գիրքը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած պատանիի մը մասին, որ կրցած է դիմագրաւել փորձութիւններուն ու կենդանի մնալ` իր պատմութիւնը փոխանցելով սերունդներուն:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ գիրքին շնորհանդէսը իրականացած է Մայիս 22-ին «Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ»-էն ներս:

«Իւրաքանչիւր յուշագրութիւն գաղտնիքներ կ՝ընդգրկէ թէ՛ ընթերցողներու, թէ՛ հետազօտողներու համար: Ամէն յուշագրութիւն նորութիւն կը բերէ եւ հիւլէ կ՝աւելցնէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան մէջ: Որքան ալ մենք ուսումնասիրենք այդ պատմութիւնը, կը տեսնենք, որ կան բազմաթիւ չբացայայտուած էջեր, եւ այդ էջերուն զգալի մասը ոչ թէ արխիւներու մէջ է, այլ՝  մարդոց յուշագրութիւններուն: Մարդիկ, որոնք տեսած են ցեղասպանութիւնը, զգացած են զայն իրենց մաշկին վրայ եւ կեանքի որոշ փուլի մը որոշած են այդ ամէնը թուղթին յանձնել»,- նշած է «Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան:

«Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի խօսքով` գիրքի հերոսին` Յարութիւն Գալայճեանի անունը քանի մը ամիս առաջ ոչ ոք լսած էր: «Ան ծնած է Զէյթուն, ականատես եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան ու յետագային մահացած է Պրազիլի մէջ: Հաւանաբար, անոր անմիջական շրջապատէն բացի ոչ ոք գիտէր անոր մասին, բայց գիրքին շնորհիւ ան քաջածանօթ դարձաւ մեր հազարաւոր ընթերցողներուն: Ա՛յս է «Զարթօնք» մատենաշարի թաքուն նպատակը»,- շեշտած է ան:

Յակոբեան ընդգծած է, որ ձեռագիր բնագիրը յայտնաբերուած է Ռամկավար ազատական կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան եւ «Զարթօնք» օրաթերթի Պէյրութի արխիւներուն մէջ:

«Ձեռագիրը 1974 թուականին յանձնուած է Հրաչեայ Սեդրակեանին, որպէսզի յարմար պահու հրատարակուի թերթի ձեւով: Չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ բնագիրը այդ ժամանակ չէ հրատարակուած: Մենք նպատակայարմար համարեցինք զայն լոյս ընծայել օրաթերթի 80-ամեակին առիթով եւ մատուցել ընթերցողներուն»,- նշած է Յակոբեան:

Գիրքը հրատարակած է «Զարթօնք» օրաթերթը: Անիկա «Զարթօնք» մատենաշարի առաջին գիրքն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment