Արսենալի եւ Չելսիի շատ երկրպագուներ ցանկութիւն չունին երթալու Պաքու՝ դիտելու Եւրոպա լիկայի եզրափակիչը: Խումբերէն իւրաքանչիւրին 6000-ական տոմս յատկացուած էր, սակայն The Times-ի տեղեկութիւններով, Արսենալը վաճառած է 3500 տոմս, իսկ Չելսին՝ 2000: Երկու ակումբները մտադիր են ընդհանուր 6000 տոմս ետ վերադարձնել:
Պատճառը ճամբորդութեան մեծ ծախսերն են, օդանաւային թռիչքներու սահմանափակ հասանելիութիւնը, թռիչքի երկար տեւողութիւնը, վիզաներու խնդիրը եւ խաղի մեկնարկի ուշ ժամը:
Եզրափակիչը տեղի պիտի ունենայ 29 Մայիսին: