Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլան Հանդիպած է «Կրօնափոխ Եղած» 13-ամեայ Արթուրին

Կարօ Փայլան Հանդիպած է «Կրօնափոխ Եղած» 13-ամեայ Արթուրին

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը հանդիպած է պոլսահայ 13-ամեայ հայ տղա՝ Արթուրի հետ, որ դարձած էր թուրք հաղորդավար, աստուածաբան Նիհաթ Հաթիփօղլուի հաղորդման «զոհը»: Այս մասին կը գրէ «Էրմէնի հապերը»:

Հաթիփօղլուն հայ տղուն համոզած էր ուղիղ եթերի ընթացքին իսլամ ընդունիլ: Տղան նաեւ անուանափոխ եղած էր եւ ընդունած թրքական «Նիհաթ» անունը: «Իսլամի ընդունումը» տեղի ունեցած էր թուրք յայտնի աստուածաբան Նիհաթ Հաթիփօղլուիª քարոզչական բնոյթի հաղորդման ժամանակ:

Փայլանը հայ տղուն հետ հանդիպումէն լուսանկար  հրապարակած է իր ֆէյսպուքեան էջին, որուն կից կատարած է գրառում:

«Հանդիպեցայ Արթուրին: Ան լաւ է: Միշտ իր քով պիտի ըլլամ: Զինք հնարաւորինս պիտի պաշտպանեմ չարութեանց դէմ»,- գրած է Փայլան:

Կը նշուի, որ Արթուրի մայրը նախապէս պարզաբանած էր, որ Արթուրը կնքուած է եւ կը յաճախէ հայկական եկեղեցի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment