Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոապցի Դիտորդներու Համաձայն՝ Հայաստանի Վարչապետի Կոչը Մտահոգիչ Է, Բայց Դատական Բարեփոխումները Անհրաժեշտ Են

Եւրոապցի Դիտորդներու Համաձայն՝ Հայաստանի Վարչապետի Կոչը Մտահոգիչ Է, Բայց Դատական Բարեփոխումները Անհրաժեշտ Են

by MassisPost

Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Հայաստանի հարցով համազեկուցողները մտահոգութիւն յայտնած են դատարաններու մուտքերն ու ելքերը փակելու՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոչի կապակցութեամբ, միաժամանակ՝ շեշտած երկրի մէջ դատական իշխանութեան նկատմամբ հանրային վստահութեան ցած մակարդակն ու դատական բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը:

«Քաղաքական շահագրգիռ կողմերը պէտք է զերծ մնան գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան ընկալուիլ որպէս ճնշում դատական իշխանութեան նկատմամբ», – ըսուած է Եուլիա Լովոչքինայի եւ Անտրէյ Շիրցելի յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է ԵԽԽՎ-ի պաշտօնական կայքէջին վրայ: Համազեկուցողները նշած են, որ Փաշինեանի կոչը յաջորդած է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին կալանքէն ազատ արձակելու դատաւորի որոշման:

«Դատական իշխանութեան անկախութիւնը օրէնքի գերիշխանութեան նախապայման է, եւ օրէնքի գերիշխանութիւնը լաւագոյնս կ’ապահովուի քաղաքական դերակատարներու որեւէ միջամտութեան բացակայութեամբ», – շեշտած են համազեկուցողները:

«Դատական բարեփոխումները առաջնահերթութիւն կը մնան, եւ մենք կ’ողջունենք դատական համակարգի հեռահար բարեփոխման՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի արտայայտած յանձնառութիւնը, յատկապէս՝ փտածութեան դէմ պայքարի հետ կապուած, ինչպէս նաեւ այդ հարցի վերաբերեալ Եւրոպայի խորհուրդի հետ համագործակցելու անոր ցանկութիւնը», – ըսուած է Լովոչքինայի եւ Շիրցելի յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment