Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Դատաւորը Գործած Է Ռոպերթ Քոչարեանի Օգտին. Սեդա Սաֆարեան

Դատաւորը Գործած Է Ռոպերթ Քոչարեանի Օգտին. Սեդա Սաֆարեան

by MassisPost

Մարտ 1-ի գործով տուժողներու ներկայացուցիչ, փաստաբան Սեդա Սաֆարեանը դիմած է Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարան՝ ստանալու Ռոպերթ Քոչարեանի եւ միւս նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մասով գործը կասեցնելու մասին որոշումը:

Սաֆարեանը պնդած է՝ այս փուլին, երբ դեռ չկար որոշում դատաքննութեան մասին, դատաւորը չէր կրնար առանց կողմերու հետ քննարկելու նման որոշում կայացնել. – «Ինքը պարտաւոր էր սկսիլ, լսել կողմերու կարծիքը: Եթէ ինքը գտնում է, որ ինքը դատաւոր է եւ ինքնագլուխ կարող է սա անել, եթէ ինքը գտնում է, որ կարող է կողմերի համար անհաւասար պայմաններ ստեղծել, մեզ՝ որպէս տուժողի ներկայացուցիչներ չհրաւիրել գոնէ նախապատրաստական փուլում որոշակի կարծիք արտայայտենք, պատճառաբանելով, թէ Սահմանադրական դատարանը որոշում է ընդունել եւ դա էլ սխալ մեկնաբանել… դատաւորի ցանկացած վարքագիծ այս 7-10 օրուայ ընթացքում՝ բազմաթիւ խախտումներով, խօսում է այն մասին, որ ինքը Ռոպերթ Քոչարեանի օգտին ակնյայտօրէն շահագրգիռ է եղել նմանատիպ որոշումներ ընդունելու հարցում»:

Անցեալ շաբաթ Մարտ 1-ի գործով առանցքային մեղադրեալ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանքէն ազատ արձակած Դաւիթ Գրիգորեանը քրէական գործի վարոյթը կասեցնելու որոշում կայացուցած է՝ գործը ուղարկելով Սահմանադրական դատարան: Դատական տեղեկատուական համակարգի կայքին մէջ տեղադրուած որոշման համաձայն, դատաւորը կը գտնէ, որ դատական քննութեան այդ փուլին առկայ է Քրէական օրէնսգիրքի հին՝ 300 ու 2009-ին փոփոխուած Քրէական օրէնսգիրքի 300.1 յօդուածներու եւ Սահմանադրութեան 72, 73 եւ 79 յօդուածներու միջեւ առկայ է անհամապասխանութեան կասկած: Քոչարեանը կը մեղադրուի 300.1 յօդուածով՝ սահմանադրական կարգի բռնի տապալում, իսկ հին քրէական օրէնսգիրքի 300-րդ յօդուածը կը սահմանէ պետական իշխանութեան իւրացումը՝ սահմանադրական կարգը բռնութեամբ տապալելուն ուղղուած գործողութիւններու համար:

Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպան Յովհաննէս Խուդոյեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ պնդած է՝ այս որոշումը բողոքարկման ենթակայ չէ՝ «բողոքարկման իրաւական ընթացակարգ մեր օրէնսդրութիւնը չի նախատեսում»:

Փաստաբան Սեդա Սաֆարեանը, որ 2008-ի Մարտ մէկի յետընտրական արիւնալի իրադարձութիւնները ուսումնասիրող փաստահաւաք խումբի անդամներէն մէկն էր, կը պնդէ՝ դատաւորի այս որոշումը կը նշանակէ, որ սահմանադրական կարգի տապալման մէջ մեղադրուող նախկին նախագահը ազդեցութիւն ունի դատարաններու վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment