Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամը (ԱՄՀ) հաստատած է Հայաստանին 36 ամիս ժամկէտով «Սթենտ‐Պայ» տեսակի վարկային միջոցներու (ՎՄ) տրամադրումը` շուրջ 248.2 միլիոն տոլարի չափով: Այս մասին յայտնած են ՀՀ Կեդրոնական դրամատունէն:
Հայաստանի իշխանութիւնները նշած են, որ վարկային միջոցները պիտի դիտարկեն որպէս կանխարգելիչ միջոց, եւ պիտի չօգտագործեն նոր վարկային միջոցները, քանի դեռ չեն առաջացած վճարային հաշուեկշռի հետ կապուած խնդիրներ: Վարկային միջոցները պիտի նպատակաուղղուի ՀՀ տնտեսական հիմնարարներու եւ քաղաքականութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ կառուցուածքային բարեփոխումներու իրականացման, մասնաւորապէս՝ արդիւնաւէտ կառավարման եւ գործարար միջավայրի բարելաւման:
Իշխանութիւնները կը շարունակեն ընթանալ կայուն հարկապիւտճէթային քաղաքականութիւն իրականացնելու ճանապարհով, միեւնոյն ժամանակ ստեղծելով ենթակառուցուածքներու եւ ընկերային ծախսերու խթանումը ապահովող պայմաններ:
Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի (ԱՄՀ) Գործադիր խորհուրդը հաւանութիւն տուած է Հայաստանին 36 ամիս ժամկէտով 180 միլիոն ՓՅԻ (Փոխառութեան յատուկ իրաւունք) չափով վարկի տրամադրման (շուրջ 248.2 միլիոն տոլար): Խորհուրդը կը հաստատէ, որ 25.714 միլիոն ՓՀԻ-ն (համարժէք է մօտ 35.5 միլիոն տոլարին) անմիջապէս պիտի տրամադրուի Հայաստանին, իսկ մնացած գումարը պիտի տրամադրուի վեց կիսամեակային գնահատականներու հիման վրայ: