Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քաղաքացիները Շրջափակեցին Երեւանի Բոլոր Դատարաններու Մուտքերը

Քաղաքացիները Շրջափակեցին Երեւանի Բոլոր Դատարաններու Մուտքերը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոչին հետեւելով, 20 Մայիսին, քաղաքացիները առաւօտէն շրջափակած էին Երեւանի բոլոր դատարանները։ Աշխատակիցները, դատաւորները, փաստաբանները չէին կրցած դատարանի դուռէն ներս մտնել։

Շէնգաւիթ վարչական շրջանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Դաւիթ Բալայեանը նոյնիսկ փորձած է շէնք մտնել պատուհանէն․ քաղաքացիները թոյլ չեն տուած: Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին, թէ ինչ հետեւանքներ կրնան ունենալ քաղաքացիներու այս գործողութիւնները, Բալայեանը արձագանգած է. – «Ես էս գործը վաղը կարող է քննեմ՝ ի՞նչ իմանամ»:

Նախքան կառավարութենէն ներս հրաւիրուած խորհրդաժողովը Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարան գացած էր նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Ներողութիւն եմ խնդրում, որ էսօր բոլորին չեմ կարող գնալ այցելել եւ ուզում եմ յոյս յայտնել, որ չէք թրջուել եւ եթէ նոյնիսկ թրջուել էք՝ չէք հիւանդանայ: Եկել եմ ասեմ, որ սիրում եմ բոլորիդ», – յայտարարած է վարչապետը:

Բարձրագոյն դատական խորհուրդի ղեկավար Գագիկ Յարութիւնեանը յաջողած էր մուտք գործել իր աշխատավայր, ան մուտքը փակող քաղաքացիներէն առաջ եկած էր:

Գլխաւոր դատախազութենէն «Ազատութեան» փոխանցած են՝ «Գլխաւոր դատախազի կողմից յանձնարարուել է  դատարանների մուտքերն ու ելքերն արգելափակելուն ուղղուած գործողութիւնների ընթացքում կատարուած առերեւոյթ յանցագործութեան վերաբերեալ ներկայացուած բոլոր հաղորդումները, ահազանգերն ուղարկել գլխաւոր դատախազութիւն՝ դրանք յատուկ քննչական ծառայութիւն ուղարկելու, համակողմանի այդ իրադարձութիւնները քրէադատավարական կարգով ստուգելու եւ իրաւական գնահատականի արժանացնելու նպատակով»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment