Home ՄԱՐԶԱԿԱՆ Անվտանգութեան Խնդիրներու Պատճառով «Արսէնալ»-ը Մխիթարեանին Պաքու Պիտի Չտանի

Անվտանգութեան Խնդիրներու Պատճառով «Արսէնալ»-ը Մխիթարեանին Պաքու Պիտի Չտանի

by MassisPost

Եւրոպայի լիկայի ֆութպոլի առաջնութեան եզրափակիչը Պաքուի մէջ տեղի ունենալու որոշումը խնդիրներ յարուցած է  Հենրիխ Մխիթարեանի եւ «Արսէնալ»-ի երկրպագուներուն համար:

«Արսէնալ»-ը Մխիթարեանին Պաքու պիտի չտանի, խումբը հիասթափուած է, որ անվտանգութեան խնդիրներու պատճառով իրենց խաղցողներէն մէկը ստիպուած պիտի ըլլայ չմասնակցելու նման կարեւոր հանդիպման:

«Անցեալ շաբաթ «Արսէնալ»-ը Մխիթարեանի համար անվտանգութեան երաշխիքներ պահանջած էր, բանակցութիւններ կ’ընթանան, «Արսէնալ»-ի վերջնական որոշումը յայտնի պիտի դառնայ գալիք շաբթուան սկզբները, բայց դրական որոշման լաւատեսութիւն չկայ», – գրած է «Կարտիան»-ը:

Բրիտանական մամուլը նշած է, որ եզրափակիչ խաղի շաբթուան ընթացքին Լոնտոն-Պաքու ուղիղ թռիչքներ չկան: Երկրպագուները ստիպուած պիտի ըլլան օդանաւ փոխելով Պաքու հասնիլ Ֆրանքֆուրթի, Վիեննայի, Քիեւի, Պոլսոյ, կամ Թեհրանի օդակայաններով: Աւելի վաղ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երկրպագուներուն զգուշացուցած է ահաբեկչական յարձակումներու սպառնալիքներու մասին, որ կրնան տեղի ունենալ Պաքուի մէջ եզրափակիչ խաղի օրը՝ 29 Մայիսին:

«Արսէնալ»-ը հինգշաբթի տարածած յայտարարութեան մէջ խոր հիասթափութիւն յայտնած է, որ փոխադրութեան սահմանափակումներու պատճառով ՈւԵՖԱ-ն «Արսէնալ»-ի երկրպագուներուն 6 հազար տոմս տրամադրած է եւ դեռ հարց է, թէ արդեօ՞ք անոնք պիտի կարենան ներկայ ըլլալ խաղին՝ հաշուի առնելով ճամփորդութեան հետ կապուած խնդիրները:

«Մեր երկրպագուներէն շատ բողոքներ կը ստանանք եւ ամբողջովին կը կիսենք անոնց մտահոգութիւնները», – նշուած է յայտարարութեան մէջ. – «Մեր երկրպագուներու անունով կ’ուզէինք հասկնալ, թէ ի՞նչ չափորոշիչներով կ’ընտրուին եզրափակիչ խաղերու վայրերը եւ ինչքանո՞վ նկատի կ’առնուի երկրպագուներու պահանջները: Իրականութիւնը այն է, որ եզրափակիչ հասած խումբերը չեն կրնար բաւարարել իրենց երկրպագուներու պահանջները»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment