Հայաստանի ու Ղազախստանի միջեւ գործակցութիւնը կրնայ աւելի հեռուն երթալ թէ՛ տնտեսութեան, թէ՛ մշակոյթի ոլորտներու մէջ, Նուր-Սուլթանի մէջ ըսած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը՝ Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւի հետ հանդիպման ժամանակ։
Արմէն Սարգսեանը Նուր-Սուլթան գացած է Ղազախստանի նախագահի հրաւէրով՝ մասնակցելու տնտեսական 12-րդ ամէնամեայ ֆորումին, որ այս տարի տեղի կ’ունենայ «Ոգեշնչող աճ. մարդիկ, քաղաքներ, տնտեսութիւններ» խորագրի ներքոյ:
«Այսօր կրնանք վստահօրէն ըսել, որ մեր երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները շատ լաւ հիմքերու վրայ են: Մենք սերտօրէն կը համագործակցինք նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային այնպիսի կազմակերպութիւններու շրջանակէն ներս, ինչպիսին են Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) եւ Հաւաքական անվտանգութեան մասին Պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) », – ըսած է Ղազախստանի նախագահը:
Արմէն Սարգսեանը շնորհակալութիւն յայտնած է ֆորումին մասնակցելու հրաւէրի համար։
«Մենք 21-րդ դարում ենք, որն էականօրէն տարբերուելու է 20-րդ դարից: Եւ այս առումով, կարծում եմ, որ Հայաստանի ու Ղազախստանի միջեւ գործակցութիւնը կարող է աւելի հեռուն գնալ թէ՛ տնտեսութեան ոլորտում՝ ներառելով նոր արհեստագիտութիւնները, թէ՛ մշակոյթի ոլորտում», – ընդգծած է Հայաստանի նախագահը:
Հանդիպման մասնակիցները քննարկած են ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան մասին Պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) շրջանակներու մէջ համագործակցութեան հարցեր: Կարեւորուած է առեւտրատնտեսական, մշակութային եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ գործակցութեան խորացումը։
Նախագահները առանձնայատուկ ընդգծած են Ղազախստանի հայ համայնքի դերը՝ երկու երկիրներու միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններու պահպանման ու զարգացման մէջ։
Թոքաեւը ջերմութեամբ խօսած է հայ համայնքի մասին՝ նշելով, որ անոնք Ղազախստանի արժանի քաղաքացիներ են եւ իրենց ներդրումը ունին երկրի ընկերային-տնտեսական զարգացման գործին մէջ: