ԱՄՆ-ն կը հասկնայ, որ Հայաստանի համար շատ կարեւոր է հարաւային սահմանը, կարեւոր է առեւտուրի եւ անվտանգութեան համար: Այս մասին 15 Մայիսին ըսած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսին՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի յարաբերութիւնները ինչպէ՞ս կրնան ազդել Հայաստանի վրայ:
«Մենք չենք խնդրեր, որ Հայաստանը դադրեցնէ Իրանի հետ իր առեւտուրը: Մենք շահագրգռուած չենք այս երկրի եւ շատ կարեւոր հարեւանի միջեւ օրինական առեւտուրին միջամտութեամբ»,- ըսած է ան՝ ներկայացնելով Հայաստանի մէջ իր առաքելութեան առաջնահերթութիւնները:
Ամերիկացի դիւանագէտը նշած է, որ Ուաշինկթընը միջազգային գործընկերներէն կը խնդրէ միանալ իրեն՝ դիմակայելու «ապակայունացնող այն վարքագիծին», որ չի համապատասխաներ միջազգային հանրութեան մաս ըլլալ ցանկացող կառավարութեան: