Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլան Բողոք Կը Ներկայացնէ Թուրքիոյ Դատախազութիւն Հայ Տղուն Կրօնափոխութեան Հարցով

Կարօ Փայլան Բողոք Կը Ներկայացնէ Թուրքիոյ Դատախազութիւն Հայ Տղուն Կրօնափոխութեան Հարցով

by MassisPost

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է օրերս Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ մեծ աղմուկ հանած 13-ամեայ Արթուր անունով հայ տղուն կրօնափոխութեան հարցին:

Twitter-ի իր էջին վրայ հայ պատգամաւորը մասնաւորապէս գրած է. «Խօսեցայ Հաթիփօղլուի կողմէ շահագործուած երեխային մօր հետ: Մայրն ըսաւ, որ իր տղուն ներկայութիւնը հարղորդման տեղի ունեցած է  առանց իր համաձայնութեան: Պաշտօնական բողոք պիտի յղեմ Թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսութեան բարձրագոյն խորհրուրդ (RTնK) եւ դատախազութիւն` ընդդէմ անչափահասները շահագործող այս հարղորդման»:

Ինչպէս յայտնի է, Արթուրը մասնակցած էր թուրք աստուածաբան Նիհաթ Հաթիփօղլուի` շոուի տարեր պարուկանող հաղորդման, որուն ընթացքին ուղիղ եթերի ժամանակ ընդունած էր իսլամութիւն: Ան հրաժարած էր ոչ միայն քրիստոնէական հաւատքէն, այլ նաեւ «Արթուր» անունէն` ընդունելով թրքական «Նիհաթ» անունը:

Հաղորդավարը յայտարարած էր, թէ իրենք նախապէս ստացած են Արթուրի մօր եւ խորթ հօր համաձայնութիւնը, սակայն Արթուրի մայրը հայկական լրատուականներէն մէկուն հետ զրոյցին ըսած է, որ իր զաւակը չէ ընդունած իսլամութիւն, պարզապէս իրենց մոլորեցուցած են:

Աղբիւր`    Ermeni haber

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment