Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Բնական է, որ Աշխատանքային Հարցերու Շուրջ Կրնան Ըլլալ Տարաձայնութիւններ. Արցախի ԱԺ Նախագահ

Բնական է, որ Աշխատանքային Հարցերու Շուրջ Կրնան Ըլլալ Տարաձայնութիւններ. Արցախի ԱԺ Նախագահ

by MassisPost

«Հասկանում եմ, որ Արցախում մեկնարկել է նախընտրական շրջանը, բայց կառաջարկէի, որ մեր գործընկերներն առաջ չընկնէին իրադարձութիւններից»,- խորհրդարանէն ներս լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը՝ անդրադառնալով Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանի յայտարարութեան, որ երաշխաւորագիրը ստանալէ ետք դատախազութիւնը պէտք է վայրկեան առաջ որոշում կայացնէր։

«Ընդհանրապէս, այս եւ պարոն Բալասանեանի մնացած յայտարարութիւնների մասով կոչ կ’անէի, որ տեսախցիկների առաջ հնչեցուած յայտարարութիւնները համապատասխան լինէին առանց տեսախցիկների արուող հաւաստիացումներին: Այսքանը, թերեւս, թոյլ տուէք այլեւս գայթակղութեանը չտրուել։ Աւել մեկնաբանութիւն չեմ ուզում անել», – ըսած է Միրզոյեանը։

Ինչ կը վերաբերի լրագրողներու հարցին, թէ կա՞յ լարուածութիւն Հայաստանի եւ Արցախի բարձրաստիճան որոշ պաշտօնեաներու միջեւ, ճեպազրոյցին ներկայ Արցախի ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանը պատասխանած է. «Որեւէ հակասութիւն կողմերի մէջ չկայ եւ ՀՀ ու Արցախի յարաբերութիւնների մէջ չկայ սրացում: Բնական է, որ աշխատանքային հարցերում կարող են լինել տարաձայնութիւններ, մինչդեռ դա չի կարող նսեմացնել երկկողմանի յարաբերութիւնները: Կարեւոր է, որ մենք հասկանանք, որ մարդիկ կարող են ունենալ մասնաւոր կարծիքներ: Սա էլ է մեր նոր ժամանակների արդիւնքը, երբ ամէն մարդ ազատ է իր տեսակէտը ներկայացնելու համար, բայց դրա համար նաեւ հետեւանքներ էլ կան»։

Յիշեցնենք, որ Արցախի խորհրդարանի ղեկավար Աշոտ Ղուլեանը ժամանած էր Հայաստան՝ մասնակցելու երկու երկիրներու օրէնսդիր մարմիններու միջեւ խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի նիստին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment