Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Չինաստանը Պատրաստ Է Մասնակցելու Հիւսիս-Հարաւ Մայրուղիի Կառուցման. Սի Ծինփին

Չինաստանը Պատրաստ Է Մասնակցելու Հիւսիս-Հարաւ Մայրուղիի Կառուցման. Սի Ծինփին

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւն գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ժողովրդական ներկայացուցիչներու պալատէն ներս հանդիպում ունեցած է Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նախագահ Սի Ծինփինի հետ: Երկու երկիրներու առաջնորդները քննարկած են հայ-չինական յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր:

Չինաստանի նախագահը նշած է, որ ուրախ է հիւրընկալելու վարչապետ Փաշինեանը եւ շնորհակալութիւն յայտնած է անոր «Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» համաժողովին մասնակցելու հրաւէրը ընդունելու համար: Սի Ծինփինը նշած է, որ իր երկիրը կը կարեւորէ Հայաստանի հետ տարբեր ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը: Չինաստանի նախագահը խօսած է հայ-չինական մշակութային եւ պատմական ամուր փոխյարաբերութիւններու մասին եւ աւելցուցած, որ այն նաեւ «Մետաքսէ ճանապարհ»-ի արդիւնքն է:

Ան ընդգծած է, որ Չինաստանը պատրաստ է մասնակցելու Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի կառուցման եւ այլ ենթակառուցուածքային ծրագրերու իրագործման:

pashinyan-Xi-Jinping-2

Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նախագահի խօսքով‘ հայկական որոշակի արտադրատեսակներ վերջին շրջանին յաջողութեամբ մասնակցած են Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսներուն եւ ներկայացուած են շուկային մէջ: Սի Ծինփինը վստահութիւն յայտնած է, որ երկկողմ համագործակցութիւնը յառաջիկային կը զարգանայ առեւտրաշրջանառութեան, արդիւնաբերութեան, փոխադրութեան, մշակոյթի եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ: Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նախագահը միաժամանակ աւելցուցած է, որ իր երկիրը յետագային եւս աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ այնպիսի նախագծերու, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի զարգացմանն ու հայ ժողովուրդի բարեկեցութեան բարձրացման:

Վարչապետ Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Սի ԾինՓինին «Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» համաժողովին հրաւիրելու եւ այս հանդիպման հնարաւորութեան համար, ինչը լաւ հնարաւորութիւն է քննարկելու երկկողմ համագործակցութեան հեռանկարները: «Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնների շարքին է: Մեր երկու ժողովուրդները ներկայացնում են հին քաղաքակրթութիւններ, հայկական ձեռագրերում դեռ հինգերորդ դարում նկարագրւում է երկու ժողովուրդների կապերի մասին: Այդ կապերն ունեցել են առեւտրային, մարդասիրական եւ քաղաքական բնոյթ: Մեզ համար շատ կարեւոր է կառուցողական եւ արդիւնաւէտ յարաբերութիւնները Չինաստանի հետ»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը նաեւ նշած է, որ տպաւորուած է Չինաստանի զարգացման օրինակով եւ շնորհաւորած է Սի Ծինփինը Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կազմաւորման 70-ամեակի կապակցութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment