Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Դիւանագիտական Յաղթանակը Պրիւքսէլի մէջ

Հայաստանի Դիւանագիտական Յաղթանակը Պրիւքսէլի մէջ

by MassisPost

Պրիւքսէլի մէջ Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեակին նուիրուած գագաթնաժողովի աւարտին Եւրոմիութեան ու ծրագրի անդամ վեց  երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները չեն յաջողած միասնական փաստաթուղթ ընդունիլ. Պաքուն հրաժարած է ստորագրելէ հռչակագիրը, քանի որ գրութեան մէջ որեւէ յիշատակում չէ  եղած Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մասին:

Եւրոպացի առաջնորդները մերժած են Պաքուի պահանջն ու փաստաթուղթը թողած են այնպէս, ինչպէս իրենք նախատեսած էին:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը հաստատած է, որ Պրիւքսէլի առաջարկած ձեւակերպումները անընդունելի եղած են Պաքուի համար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը, մինչդեռ, Պրիւքսէլի մէջ պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն, ընդգծած է, որ Հայաստանը գոհ է յոբելեանական գագաթնաժողովի արդիւնքներէն:

«Մենք սկզբունքօրէն գոհ ենք արդիւնքներից։ Ինչ վերաբերում է ամփոփիչ յայտարարութեանը, այն եղել է Մոկերինիի կողմից, որը արտայայտում է անդամ պետութիւնների եւ Հայաստանի մօտեցումները», – նշած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment