Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընթացք Առած է Մանուէլ Գրիգորեանի եւ Անոր Կնոջ Գործով Բուն Դատավարութիւնը

Ընթացք Առած է Մանուէլ Գրիգորեանի եւ Անոր Կնոջ Գործով Բուն Դատավարութիւնը

by MassisPost

Մեկնարկած է նախկին պատգամաւոր, 6 յօդուածներով մեղադրուող Մանուէլ Գրիգորեանի եւ անոր կնոջ՝ Նազիկ Ամիրեանի գործով բուն դատավարութիւնը։

Նիստի մեկնարկին պաշտպանական կողմը խնդրած է, հաշուի առնելով Մանուէլ Գրիգորեանի առողջական վիճակը, նիստը չտեսանկարահանել, դատարանը բաւարարած է միջնորդութիւնը եւ արգիլած լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն դատարանի դահլիճէն ուղիղ հեռարձակումներն ու տեսանկարահանումները։

6 Մայիսին այս գործով նախնական դատական նիստն էր, ուր քննուած էր բացառապէս խափանման միջոցի հարցը։

Գրիգորեանը կը մեղադրուի ապօրինի կերպով զէնք-զինամթերք պահելու, աւելի քան 101 միլիոն դրամի գոյք իւրացնելու, աւելի քան 1 միլիառ դրամի հարկերու վճարումէն խուսափելու, պետական միջոցներէն աւելի քան 1 միլիառ դրամ վատնելու եւ շորթմամբ 37 միլիոն դրամ արժողութեամբ գոյքի յափշտակութիւնը կազմակերպելու մէջ:

Նազիկ Ամիրեանը կը մեղադրուի ամուսինին, որդիին՝ Արման Գրիգորեանի եւ քննութեամբ չպարզուած այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ ապօրինի կերպով իրենց պատկանող երեք տուներուն մէջ ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր պահելու, ինչպէս նաեւ տարբեր տեսակի յափշտակութիւններ կատարելու մէջ։

52-ամեայ Նազիկ Ամիրեանի խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւնը չհեռանալու մասին։ Իսկ 6 Մայիսի նիստին դատարանը անփոփոխ թողած է Գրիգորեանի խափանման միջոց կալանքը։ 62-ամեայ Գրիգորեանը կալանքի տակ է Յունուարի վերջէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment