Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսաստանի ԱԳՆ-ը Յայտարարութեամբ Հանդէս Եկած է Ղարաբաղեան Պատերազմի Զինադադարի 25-ամեակի Առթիւ

Ռուսաստանի ԱԳՆ-ը Յայտարարութեամբ Հանդէս Եկած է Ղարաբաղեան Պատերազմի Զինադադարի 25-ամեակի Առթիւ

by MassisPost

Կիրակի օր կը լրանայ Պիշքեքեան արձանագրութիւններու 25 տարին, եւ այս կապակցութեամբ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած է յատուկ յայտարարութեամբ:

Պաշտօնական Մոսկուայի տարածած յայտարարութեան մէջ արձանագրուած է, որ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ստորագրած համաձայնագիրը ուժի մէջ մտած է 1994 թուականի 12 Մայիսին: Համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է Ռուսաստանի Դաշնութեան ուղղակի միջնորդութեամբ եւ թոյլ տուած է դադրեցնել զանգուածային արիւնահեղութիւնն ու սկսած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով: Այսօր ալ համաձայնագիրը կը շարունակէ մնալ հրադադարի պահպանման հիմքը, ըսուած է Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ:

Սերկէյ Լաւրովի գլխաւորած գերատեսչութիւնը կը փաստէ, որ կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները բարդ գործընթաց է, եւ կարգաւորման առանցքային հարցերու շուրջ համաձայնութեան գալը կը պահանջէ ժամանակ ու քաղաքական կամք։

Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ Մոսկուան կը տեսնէ հակամարտող կողմերու՝ խաղաղութեան հասնելուն ուղղուած համատեղ աշխատանքները շարունակելու պատրաստակամութիւնը։ Այդ կը վկայեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու՝ Վիեննայի մէջ կայացած վերջին հանդիպումը եւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու՝ Մոսկուայի մէջ կայացած բանակցութիւնները, կը նշէ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է նաեւ, որ Մոսկուան, իր կողմէ, փոխզիջումային հանգուցալուծումներ գտնելուն աշխոյժ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ։ «Ինչպէս եւ նախապէս, մենք պիտի շարունակենք մեր միջնորդական ջանքերը Մինսքի խումբի շրջանակէն ներս՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ միասին», – նշուած է պաշտօնական Մոսկուայի յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք՝ 25 տարի առաջ ռազմական պարտութիւնները ստիպեցին Ատրպէյճանին ընդունիլ Ռուսաստանի Դաշնութեան զինադադարի առաջարկը: 5 Մայիսին Ռուսաստանի, Ղրղըզստանի եւ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութիւն (ԱՊՀ) Միջխորհրդարանական վեհաժողովի միջնորդութեամբ Պիշքեկի մէջ ստորագրուեցաւ արձանագրութիւն Ատրպէյճանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման պատմութեան մէջ յայտնի է որպէս Պիշքեկեան արձանագրութիւն: 11 Մայիսին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներու, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բանակի հրամանատարի միջեւ ստորագրուեցաւ հրադադարի համաձայնագիր, որ պէտք է ուժի մէջ մտնէր 1994-ի 12 Մայիսին ժամը 00:01-էն: Արդէն 12 Մայիսին Մոսկուայի մէջ հանդիպում կազմակերպուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեանի, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Մամետրաֆի Մամետովի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Սամուէլ Բաբայեանի միջեւ, որոնք հաստատեցին, որ հաւատարիմ պիտի մնան հրադադարի շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment