Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քոչարեանի եւ Միւսներու Գործով Դատավարութիւնը Պիտի Սկսի Մայիս 13-ին

Քոչարեանի եւ Միւսներու Գործով Դատավարութիւնը Պիտի Սկսի Մայիս 13-ին

by MassisPost

Ռոպերթ Քոչարեանի եւ միւսներու գործով դատավարութիւնը պիտի մեկնարկի 13 Մայիսին: Այս մասին «Ազատութեան» յայտնած է Հայաստանի երկրորդ նախագահի պաշտպանական խումբը:

Պաշտօնաթող նախագահը 2008 թուականի Մարտ 1-2-ի իրադարձութիւններու վերաբերեալ քրէական գործով կը մեղադրուի այլ անձերու հետ յանցակցութեամբ սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ: Ըստ միւս մեղադրանքի, Ռոպերթ Քոչարեանը 2008-ի Փետրուարին եւ Մայիսին գործարար Սիլվա Համբարձումեանէն ստացած է առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 927 միլիոն դրամին համարժէք 3 միլիոն տոլար կաշառք։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սեյրան Օհանեանը Մարտ 1-ի գործով կը մեղադրուի այլ անձերու հետ յանցակցութեամբ սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ, երբ կը զբաղեցնէր Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետի պաշտօնը:

Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի նախկին պետ, Հաւաքական անվտանգութեան մասին Պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) նախկին գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին Մարտ 1-ի գործով մեղադրանք առաջադրուած է, որ տուեալ ժամանակաշրջանին հանդիսանալով պաշտպանութեան նախարարի տեղակալը-Երեւանի կայազօրի պետը, այլ անձերու հետ յանցակցութեամբ տապալած է սահմանադրական կարգը։

Արմէն Գէորգեանին Մարտ 1-ի գործով մեղադրանք առաջադրուած է, որ տուեալ ժամանակաշրջանին զբաղեցնելով Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնները, օգտագործելով իր պաշտօնական դիրքը, օժանդակած է Ռոպերթ Քոչարեանին՝ տապալելու սահմանադրական կարգը։

Բացի այդ, ըստ մեղադրական եզրակացութեան, Գէորգեանը, հանդիսանալով պաշտօնատար անձ, 2008-ի Ապրիլին գործարար Սիլվա Համբարձումեանէն Սամուէլ Մայրապետեանի օժանդակութեամբ ստացած է առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 309 միլիոն դրամին համարժէք 1 միլիոն տոլար կաշառք, ինչպէս նաեւ օրինականացուցած է առանձնապէս խոշոր չափերով յանցաւոր ճանապարհով ստացուած եկամուտները:

Դատական բաժանմունքը շաբաթասկիզբին հաղորդած էր, որ Քոչարեանի եւ միւսներու գործի քննութիւնը պատահական բաշխման սկզբունքով մակագրուած է Երեւանի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment