Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Բացուած է Երեւանի 2800-ամեակին Նուիրուած Պուրակը

Բացուած է Երեւանի 2800-ամեակին Նուիրուած Պուրակը

by MassisPost

10 Մայիսի առաւօտեան Հայաստանի մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է Երեւանի 2800-ամեակին նուիրուած պուրակի բացումը, որուն ներկայ եղած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը, այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, այգիի վերակառուցումը նախաձեռնած եւ ֆինանսաւորած է Վարդանեան եղբայրները:

Այգին կառուցած է «Վարդանեան ընտանիք» բարեգործական հիմնադրամը` Միքայէլ եւ Կարէն Վարդանեաններու ֆինանսաւորմամբ եւ անմիջական վերահսկողութեամբ: Այն նուէր է Վարդանեան ընտանիքի կողմէ՝ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի կապակցութեամբ: Նախագիծի հեղինակը Կարէն Վարդանեանն է: Այգիին մէջ փոխուած է ամէն ինչ: Նոյնիսկ հողը ամբողջութեամբ փոխարինուած է: Նախագծային աշխատանքները սկսած են 2 տարի առաջ եւ տեւած են 6 ամիս: Շինարարական աշխատանքները իրականացուած են մէկուկէս տարուայ ընթացքին, կը յայտնեն հիմնադրամէն:

yerevan-2

Այգիին մէջ տնկուած է 70 բացառիկ ծառատեսակի 250 ծառ: Կանաչ տարածքը գրեթէ կրկնապատկուած է: Հատուած են միայն ծեր եւ հիւանդ ծառերը, իսկ առողջ քանի մը ծառերը այգիի կեդրոնական հատուածէն, ուր այժմ շատրուաններն են, տեղափոխուած են եւ վերատնկուած այգիի եզրային հատուածներուն մէջ: Այգին ամբողջ տարին ապահովուած է շուրջօրեայ ոռոգմամբ: Տեղադրուած է Հայաստանի մէջ աննախադէպ կաթիլային եւ ցնցուղային ոռոգման համակարգ:

Տեղադրուած են 2800 շիթ ունեցող շատրուաններ, 7 տեսակի կրանիտէ քարերով կառուցուած է հին հայկական գորգերու զարդանախշերով 5420 քմ սալայատակ: Արժէքաւոր կրանիտ քարատեսակի ընտրութիւնը եղած է՝ սալայատակի գեղեցկութիւնը եւ երկարակեցութիւնը ապահովելու նկատառումներով: Այգիի կեդրոնական հատուածին մէջ տեղադրուած է վարդագոյն Քուարզիթէ պատրաստուած Երեւանի քարտէզը՝ շրջապատուած շատրուաններով: Կառուցուած է Երեւանի քարտէզի տեսքով փորագիր հրապարակ` վերասլաց 45 ջրաշիթերով:

yerevan-3

Շատրուանային համալիրի 4 անկիւններուն եւ կեդրոնին մէջ տեղադրուած են պրոնզաձոյլ 5 ջրային արձաններ: Այգիի տարածքին տեղադրուած են ուրարտական թեմայով ցուլի եւ առիւծի պրոնզաձոյլ արձաններ, 76 նստարաններ, ինքնատիպ ձեւաւորումով 62 աղբամաններ եւ 126 լուսասիւներ:

Այգիի կառուցման համար ծախսուած է 5 միլիոն 300 հազար տոլար:

yerevan-4

Գլխաւոր նախապայմանը, որ Երեւանի քաղաքապետարանին ներկայացուցած են Միքայէլ եւ Կարէն Վարդանեանները, այն է, որ այգին մնայ Երեւան համայնքի սեփականութիւնը, եւ այգիի տարածքին  արգիլուի որեւէ ձեռնարկատիրական գործունէութիւն:

Այգիի կառուցապատումէն բացի` «Վարդանեան ընտանիք» բարեգործական հիմնադրամը 2019 թուականէն սկսեալ 99 տարիներու ընթացքին իր միջոցներու հաշւոյն պիտի հոգայ նաեւ այգիի խնամքի ու պահպանութեան ծախսերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment