Անցեալ Շաբաթ, Մայիս 4, 2019, կէսօրուան ժամը 12ին, Կլենտէյլի Տարէցներու Տան ժողովասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ շահեկան հանդիպում մը, Հայ-Ամերիկեան թանգարանի հոգաբարձութեան եւ Գալիֆորնիոյ նահանգապետարանի Օրէնսդիր Մարմնի տնօրէն Էնթոնի Ուիլիամզի միջեւ: Ան յատկապէս եկած էր մօտէն ծանօթանալու կառուցուելիք թանգարնաի եւ կրթա-մշակութաիյն կեդրոնի Հոգաբարձական Մարմնին եւ նախատեսուած ծրագրի գործընթացին:
Այս առթիւ Հայ-Ամերիկեան թանգարնաի Հոգաբարձական Մարմնի Գործադիր Խորհուրդի ատենապետ Պերճ Կարապետեան, համապարփակ զեկոյցով մը հանդէս գալով, հիւրին ծանօթացուց Համագաղութային Մարմնի անդամներն ու ծրագրուած թանգարանի բարենպաստ առաւելութիւնները շրջանի բնակչութեան եւ մասնաւորաբար հասակ առնող նոր սերունդին համար: Արդարեւ, անոնք առիթը պիտի ունենան ծանօթանալու բազմամշակութային երկրի մը կրթա-մշակութային եւ պատմական հարուստ ժառանգութեան:
Գալիֆորնիոյ նահանգապետ Կավին Նիւսօմի անունով ելոյթ ունեցաւ կառավարիչի օրէնսդիր բաժնի տնօրէն Էնթոնի Ուիլիամզ: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Պատիւ եւ յարգանք է ինծի համար ըլլալ այստեղ, ծանօթանալ ձեզի եւ ձեր նուիրական գործին, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ Կլենտէյլ քաղաքն ու հայ համայնքը: Մեծ ներդրում մըն է այս եզակի կառոյցը եւ իր բարերար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ թէ հայ գաղութի եւ թէ համայն բնակչութեան համար:
Կառուցուելիք թանգարանի մասին ճարտարապետ Սագօ Մարկոսի եւ շինարարական յանձնախումբի ատենապետ Փոլ Կարապետեան, շահեկան տեղեկութիւններ տուին նախատեսուած ծրագրի կարգ մը մանրամասնութիւններու մասին: Արդարեւ շէնքը ճարտարապետական իւրայատուկ ձեւաւորումով եւ միջազգային չափանիշներու մակարդակ ունենալով, օժտուած պիտի ըլլայ արդիական լաւագոյն յարմարութիւններով:
Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթոնի Փօրթանթինօ, Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան եւ ուրիշներ, որոնք բարձր գնահատեցին նախաձեռնութիւնը եւ իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին բոլոր պատասխանատուներուն:
Ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսաերիզ մը, հայ ամերիկեան թանգարանի ապագայի տեսլականով, գիտա-թեքնիքական նոր ձեւաւորումով:
Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն, որմէ ետք ներկաները փոխադրուեցան ապագայ թանգարանի մերձակայ հողատարածքը, որ կը գտնուի Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանի եւ Գօլորատօ պողոտայի միջեւ: Էնթոնի Ուիլիամզ տեղւոյն վրայ եւս յաւելեալ ծանօթութիւններ ստացաւ եւ ապա հրաժեշտ առնելով մեկնեցաւ լաւագոյն տպաւորութիւններով: