Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան դիմած են Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանին՝ Արցախի առաջին նախագահ եւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու խնդրանքով:
Յիշեցնելով, որ ամէն տարի 9 Մայիսին Արցախի մէջ հանդիսաւորութեամբ կը նշուի մայիսեան Եռատօնը, եւ աւանդոյթի համաձայն՝ Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ իրականցուող տօնակատարութիւններու հիւր կը դառնան, ի թիւս այլ հիւրերու, Արցախի բոլոր նախկին ղեկավարները՝ «մարդիկ, ովքեր իրենց հսկայական աւանդն են ներդրել Արցախեան պատերազմում, կանգնած են եղել մեր պետութեան եւ բանակի ստեղծման ակունքներում, մասնակցել են Շուշիի ազատագրմանը, կերտել են մեր Յաղթանակը», Լեռնային Ղարաբաղի ներկայիս եւ նախկին ղեկավարները Հայաստանի գլխաւոր դատախազէն կը խնդրեն 9 Մայիսին ընդառաջ կայացնել համապատասխան որոշում Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոց կալանքը փոխելու մասին:
Բակօ Սահակեանը եւ Արկադի Ղուկասեանը պատրաստակամութիւն յայտնած են «հանդէս գալ ցանկացած հրապարակային երաշխիքով, որն անհրաժեշտ կը լինի նրա՝ մեկուսարանից ազատ արձակուելու եւ կայանալիք դատավարութեան ողջ ընթացքում ազատութեան մէջ լինելու համար», եւ յոյս յայտնած են, որ Արթուր Դաւթեանը իր որոշմամբ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ, որպէսզի Արցախի երեք ղեկավարներն ալ ներկայ գտնուին 9 Մայիսի տօնակատարութիւններուն Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ, «ինչը, վստահաբար, համերաշխութեան եւ միասնականութեան ազդակ կը դառնայ ոչ միայն մեր հասարակութեան, այլեւ ամբողջ աշխարհի ու նաեւ հակառակորդի համար»:
ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը անմիջաապէս պատասխանելով տարածեց յայտարարութիւն:
«Քանի որ տուեալ քրէական գործը ներկայումս գտնւում է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանում, ՀՀ դատախազութիւնը տուեալ քրէական գործով վարոյթն իրականացնող մարմինը չէ, հետեւաբար Նախագահների կողմից ՀՀ գլխաւոր դատախազին հասցէագրուած դիմումի քննարկումը ներկայ փուլում դուրս է ՀՀ դատախազութեան լիազօրութիւնների տիրոյթից», – ըսուած է պարզաբանման մէջ: