Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընկերային Ցանցերու Վրայ Կեղծ Լուրերու Համակարգուած Արշաւ Հայաստանի Դէմ․ Atlantic Council

Ընկերային Ցանցերու Վրայ Կեղծ Լուրերու Համակարգուած Արշաւ Հայաստանի Դէմ․ Atlantic Council

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետի ու կառավարութեան դէմ ընկերային ցանցերու վրայ համակարգուած արշաւ կ’իրականացուի, որուն հետքերը կը տանին դէպի Ռուսաստան․ կը պնդէ ամերիկեան հեղինակաւոր վերլուծական կեդրոնը՝ Atlantic Council-ը՝  հրապարակած հետաքննութեան մէջ:

Կազմակերպութեան Digital Forensic Research Lab-ի փորձագէտները կը փաստեն՝ անցած Մայիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութիւնը մէկ կողմէն վերականգնած է հասարակութեան հաւատը կառավարութեան հանդէպ՝ ճանապարհ հարթելով ժողովրդավարական փոփոխութիւններու համար, միւս կողմէ՝ համախմբած անոնց, որոնք դէմ էին քաղաքական փոփոխութիւններուն:

Անցած ամիսներուն, կը փաստէ հետաքննութիւնը, ընդդիմախօսներէն մի քանին համախմբուած են #SutNikol հաշթակի տակ, ու խճճուած առցանց արշաւ սկսած, որուն նպատակն է վարկաբեկել Նիկոլ Փաշինեանը ու անոր աջակիցները՝ ապատեղեկատուութիւն ու կողմնակալ լրատւութիւն տարածելու միջոցով: Ըստ փորձագէտներու, այս խումբերը հասարակութիւնը մոլորեցնելու յատուկ մեթոտ կը կիրառեն. Կը ներկայանան իբրեւ անկողմնակալ ու փաստերու իսկութիւնը ստուգող կազմակերպութիւն՝ օգտատէրերուն վստահութիւն ներշնչելու եւ հետեւորդներ հաւաքելու համար, յետոյ միակողմանի ու հասարակութիւնը պառակտող յայտարարութիւններ կը տարածեն քաղաքական զարգացումներու վերաբերեալ:

«Այս գործողութիւնները անկեղծ չեն, եւ երթալով աւելի կ’աշխուժանան», – կը փաստէ փորձագիտական զեկոյցը, մանրամասնելով՝ 15 Ապրիլին հայկական առցանց մետիա տարածքին վրայ սկսած է շրջանառուիլ #SutNikol հաշթակը: Ուսումնասիրելով սկզբնաղբիւրը՝ Atlantic Council-ի մասնագէտները առանձնացուցած են անոր հետ փոխկապակցուած 4 անձեր, որոնք ալ հիմնական պատասխանատու են բովանդակութեան եւ այն տարածելու համար՝ AntiFake.am-ի հիմնադիր Նարեկ Սամսոնեան, «Ադեկվադի» հիմնադիրներ՝ Արթուր Դանիէլեան, Նարեկ Մալեան եւ Blognews-ի հիմնադիր Կոնստանթին Տէր-Նակալեան:

atekvat-antiAKE

«Ադեկվադը» կը ներկայանայ որպէս մշակութային կեդրոն, որ իբրեւ թէ «կը ներկայացնէ այն, ինչի մասին կը լռէ Ազատութիւնը»: Էջը ստեղծուած է յեղափոխութենէն ետք՝ անցած տարուան Յունիսին, եւ կը տարածէ պատկառելի թիւով տեսանիւթեր՝ Արթուր Դանիէլեանի մասնակցութեամբ, ուր վերջինս իբրեւ թէ կը ներկայացնէ Փաշինեանի կառավարութեան անօրինական քայլերը կամ կեղծ յայտարարութիւնները՝ անոնք համեմելով հակաամերիկեան հռետորաբանութեամբ: – «Տեսանիւթերէն մէկուն մէջ, օրինակ, Դանիէլեանը կը մեղադրէ Փաշինեանը «ֆէյքերու բանակ» ունենալու մէջ, միւսին մէջ՝ կասկածի տակ կը դնէ պիւտճէի վերաբերեալ վարչապետի ներկայացուցած վիճակագրութիւնը, կամ, ըսենք, վերջինիս քաղաքականութիւնը ուժանիւթի ոլորտին մէջ», – կը փաստեն փորձագէտները, ընդգծելով, որ պնդումները հիմնուած են ոչ թէ հիմնաւոր փաստերու, այլ՝ համակիր լրատուամիջոցներու հաղորդումներու վրայ:

Միւս էջը՝ AntiFake.am-ը, կը պնդէ, թէ «վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու առանցքը կը կազմեն կեղծ լրատւութիւնը, քարոզչութիւնը եւ   սեւացնելու   քաղաքականութիւնը։Ըստ այդմ, կայքը կը յայտարարէ, թէ իր նպատակն է բացայայտել չկատարուած խոստումները, կեղծ լուրերը, քարոզարշաւը, հրապարակել օդէն կախուած լուրերը եւ ստուգել անոնց հաւաստիութիւնը»։

«Հակառակ անկախ ու չէզոք ըլլալու մասին պնդումներուն՝ AntiFake.am-ի բովանդակութիւնը մեծապէս կեդրոնացած է Փաշինեանը վարկաբեկելու վրայ, կը փաստեն Atlantic Council-ի փորձագէտները, մանրամասնելով. – «Էջի ամենաշատ քննարկուած յօդուածներուն մէջ հասարակութիւնը պառակտող քաղաքական մեկնաբանութիւններ են, չհիմնաւորուած հաղորդումներ, որոնք կը պնդեն, թէ Փաշինեանը այցելած է գործարան, որ գոյութիւն չունի, կամ թէ Փաշինեանը իրեն կը վերագրէ նախորդ կառավարութեան յաջողութիւնները»:

Ընդ որում, փորձագէտները նկատած են մէկ այլ միտում՝ երկու էջերն ալ քաղաքական արշաւէն բացի կը կեդրոնանան նաեւ պատուաստանիւթերու դէմ պայքարի, մասնաւորապէս՝ «Կարտասիլի» վրայ, ներկայացնելով ակնյայտ կեղծ լրատւութիւն անոր վերաբերեալ:

Արեւմտեան մամուլին մէջ կարծիքներ հնչած են, որ պատուաստումներու դէմ արշաւը սկիզբ առած է եւ կը հովանաւորուի Ռուսաստանէն: Սա, սակայն, դուրսէն միջամտութեան մասին վկայող միակ փաստը չէ: Atlantic Council-ի փորձագէտները, կը պնդեն, թէ յստակ ապացոյցներ գտած են, որոնք կը վկայեն՝ առնուազն AntiFake.am-ը ամբողջութեամբ Հայաստանէն չի կառավարուիր, տոմէյնի ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ էջի համացանցային հասցէն գրանցուած է Ռուսաստանի՝ Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքին մէջ: Աւելին, կը նշեն փորձագէտները, whois.net-ին մէջ այդ տոմէյնի գրանցման եւ անոր պատասխանատու անձի մասին տուեալները փակ են՝ «անձնական տուեալներու գաղտնիութեան նկատառումներով»: – «Սա կ’ենթադրէ, որ AntiFake.am կայքի պատասխանատուները քայլեր ձեռնարկած են, որպէսզի թաքցնեն իրենց ինքնութիւնը», – նշած են փորձագէտները, ընդգծելով՝ գտած են ապացոյցներ, որոնք կը վկայեն, որ AntiFake.am-ը կրնայ կապուած ըլլալ Ռուսաստանի մէջ գրանցուած անձերու կամ կազմակերպութիւններու հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment