Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը Ներկայ Գտնուած է Աշխատանքի Օրուան Նուիրուած Միջոցառման

Վարչապետը Ներկայ Գտնուած է Աշխատանքի Օրուան Նուիրուած Միջոցառման

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի եւ դուստրերուն հետ միասին Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ ներկայ գտնուած է Աշխատանքի օրուան առթիւ «Կրանտ հոլտինկ» ընկերութեան կազմակերպած տօնական համերգ-միջոցառման: Միջոցառման ներկայ եղած է նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը՝ տիկնոջ հետ:

Կառավարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ Հայ աշխատաւորին նուիրուած տօնական միջոցառման մասնակցած են «Կրանտ հոլտինկ» ընկերութեան աշխատակիցները:

Հայաստանի կառավարութեան խնդիրն ու նպատակն է երկրին մէջ իրականացնել տնտեսական յեղափոխութիւն, Աշխատանքի եւ աշխատաւորներու համերաշխութեան միջազգային օրուան առթիւ իր ուղերձին մէջ ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Ըստ վարչապետի պաշտօնական կայքէջին, ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս ըսուած է. – «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, բոլորիս շնորհաւորում եմ Աշխատանքի եւ աշխատաւորների համերաշխութեան միջազգային օրուայ առթիւ։ Հայաստանի կառավարութեան խնդիրն ու նպատակն է երկրում իրականացնել տնտեսական յեղափոխութիւն։ Ինչպէս քաղաքական յեղափոխութեան, այս դէպքում էլ մեզ համար հիմնական եւ առանցքային գործիքը շարունակում է մնալ անհատական ջանքը: Այսինքն՝ մեր հիմնական գործիքակազմը պէտք է լինի քաղաքացիներին, մարդկանց խրախուսելն՝ աշխատելու, գործելու, տնտեսական գործունէութիւն ծաւալելու, հաւատալու սեփական ուժերին եւ յաջողութեանը։ Մեր քայլերն ուղղուած են լինելու իւրաքանչիւր քաղաքացու տնտեսական վարքագիծը փոխելը՝ ինչպէս տնտեսական գործունէութեան առարկայ, այնպէս էլ տնտեսական գործունէութեան ենթակայ հանդիսանալու պարագայում։ Մենք պէտք է բոլորով շարժուենք այդ նպատակի իրականացման ուղղութեամբ, ուղղենք մեր մէջքը, հաւատանք մեր ուժերին եւ մեր աշխատանքով հարստանանք եւ հարստացնենք»։

may-1-a

Վարչապետը նշած է՝ Հայաստանի կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնին է նաեւ աշխատողներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, եւ այդ ուղղութեամբ եւս կը նախատեսեն իրականացնել հետեւողական քայլեր:

«Մեր երկիրը պէտք է դուրս գայ ցածր որակաւորմամբ աշխատուժ ունեցող երկրի կարգավիճակից, ուստի ջանքեր չենք խնայելու, որպէսզի Հայաստանը լինի բարձր որակաւորման աշխատուժի երկիր: Այդ նպատակով, ՀՀ կառավարութիւնը միջոցառումներ է իրականացնելու ուղղուած կրթական համակարգի բարելաւմանը, որպէսզի վերջինս մեր պետութեանն ապահովի բարձր որակաւորմամբ աշխատուժ, որ այն պահին, երբ ուսանողները դուրս գան համալսարաններից՝ ունենան մրցունակ մասնագէտի կարգավիճակ», – իր ուղերձին մէջ ըսած է Փաշինեանը՝ շարունակելով. – «Հայ ժողովուրդը մշտապէս աչքի է ընկել իր աշխատանքով, ջանասիրութեամբ, եռանդով ու ստեղծագործական մտքով։ Համոզուած եմ, որ միասին կը հասնենք մեր նպատակների իրականացմանն ու մեր աշխատանքով կը զարգացնենք ու կը շենացնենք մեր երկիրը»։

Աշխատանքի օրուան առթիւ շնորհաւորական ուղերձ յղած է նաեւ նախագահ Արմէն Սարգսեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment