Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Միջոցառում Նիւ Եորքի «Թայմզ Սքուերի» Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Միջոցառում Նիւ Եորքի «Թայմզ Սքուերի» Մէջ

by MassisPost

Ապրիլ 28-ին Նիւ Եորքի «Թայմզ Սքուերի»  մէջ տեղի ունեցած է ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան նուիրուած միջոցառում։

Միջոցառման ներկայ եղած են ամերիկացի քաղաքական գործիչներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, կը տեղեկացնէ «Ամերիկայի ձայնը»։

Իր խօսքին մէջ ծերակուտական Չաք Շումէրը դատապարտած է նախկին եւ ներկայ վարչակազմերը այն բանի համար, որ անոնք չեն ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ իրենց գործողութիւնները կը բացատրեն քաղաքականութեամբ։ «Ես անոնց մէկ պատասխան ունիմ. երբ խօսքը կը վերաբերի 1,5 միլիոն դաժանաբար սպաննուած մարդոց, քաղաքականութիւնը պէտք չէ դեր ունենայ»,- ըսած է ան։

Ծերակուտական Ռոպերթ Մենէնտեսը նշած է. «Մենք երբեք չենք մոռանար Հայոց ցեղասպանութիւնը»։

Քոնկրէսական Ֆրենք Փալոնէն շնորհակալութիւն յայտնած է հայկական ծագում ունեցող ամերիկացիներուն Հայկական հարցի կոմիտէի ջանքերուն աջակցելու համար։

Այս տարի միջոցառման ժամանակ ելոյթ ունեցած է երգիչ Էլի Պէրպէրեանը, որ կատարած է Շարլ Ազնաւուրի «Ils Sont Tombes» երգը եւ «Տլէ եամանը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment