Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Հիւրընկալած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Կառավարութեան Ղեկավար Տմիթրի Մետվետեւը

Նիկոլ Փաշինեան Հիւրընկալած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Կառավարութեան Ղեկավար Տմիթրի Մետվետեւը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կառավարական առանձնատան մէջ հիւրընկալած է Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութեան ղեկավար Տմիթրի Մետվետեւը, որ աշխատանքային այցով ժամանած է Հայաստան՝ մասնակցելու Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ վարչապետի լրատուական ծառայութիւնը։

«Յարգելի Տմիթրի Անատոլիի, ուրախ եմ ողջունել Ձեզ Հայաստանում` Երեւանում, իմ տանը: Հայաստանում նախորդ տարի տեղի ունեցած յայտնի իրադարձութիւններից յետոյ սա Ձեր առաջին այցն է, ինչը իւրայատուկ նշանակութիւն է հաղորդում այս այցին: Հայաստանում ընդունուած է ամենաթանկագին հիւրերին ընդունել տանը, ես շատ ուրախ եմ, որ ունեմ նման հնարաւորութիւն: Կարծում եմ, որ նախորդ տարուայ ընթացքում մեր յարաբերութիւնները զարգացել են ըստ նախատեսուածի, ի հարկէ, դա չի նշանակում, որ չեն եղել հարցեր: Կարծում եմ, որ այժմ մեր յարաբերութիւններում շատ կարեւոր պահ է եւ ես վստահ եմ, որ ի հեճուկս յոռետեսների՝ մեզ կը յաջողուի մեր յարաբերութիւնները բարձրացնել նոր մակարդակի, ոչ թէ ի հեճուկս յոռետեսների, այլ ես կարծում եմ, որ պէտք է յոռետեսներին դարձնել լաւատեսներ: Ի հարկէ, մենք ամէն ինչ կ’անենք դրա համար:

Հայաստանն այժմ Եւրասիական տնտեսական միութիւնում հանդիսանում է նախագահող պետութիւն: Մեզ համար շատ կարեւոր են Եւրասիական տնտեսական միութիւնում յարաբերութիւնները եւ շատ կարեւոր է մեր մասնակցութիւնն այդ կազմակերպութիւնում: Ի հարկէ, ամէն ինչ կ’անենք, որպէսզի Եւրասիական տնտեսական միութիւնը եւ մեր անդամակցութիւնը ԵԱՏՄ-ում դարձնենք աւելի արդիւնաւէտ, կազմակերպութիւնը դարձնենք առաւել գրաւիչ: Եւս մէկ անգամ ողջունում եմ Ձեզ, ուրախ եմ Ձեր այցի կապակցութեամբ եւ վստահ եմ, որ կ’ունենանք շատ կառուցողական, բեղմնաւոր աշխատանք: Մենք ունենք քննարկելու հարցեր եւ շնորհակալութիւն այցի համար»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Իր հերթին, Տմիթրի Մետվետեւը ըսած է. «Յարգելի Նիկոլ Վովայի, նախ շնորհակալութիւն հրաւէրի համար յատկապէս նման հիանալի ժամանակաշրջանին, քանի որ այսօր կատարեալ գարնանային եղանակ է: Երկրորդ՝ իրականութեան մէջ կայ լաւ առիթ, որպէսզի հանդիպինք, այդ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու նիստն է: Մենք պարբերաբար կ’իրականացնենք այս միջոցառումները, ուր կը քննարկուին տարբեր հարցեր, այդ շարքին՝ դժուար: Այժմ Եւրասիական միութեան մէջ Հայաստանը կը հանդիսանայ  նախագահող պետութիւն եւ ի հարկէ մեզի համար կարեւոր է, որ առաջ շարժինք եւրասիական օրակարգի շարք մը հարցերու լուծման ուղղութեամբ:

Միւս կողմէ, սա լաւ հնարաւորութիւն է՝ քննարկելու նաեւ մեր երկկողմ յարաբերութիւնները: Մենք Ձեզի հետ քանի մը անգամ հանդիպած ենք, քննարկած գործերու ընթացիկ իրավիճակը, տարեսկիզբին նոյնպէս հանդիպած ենք, երբ ժամանած էիք Մոսկուա՝ որպէս նախագահող երկրի վարչապետ, որու ընթացքին քննարկեցինք երկկողմ օրակարագային հարցերը: Այժմ ալ կ’անցնինք հիմնական կէտերով, առաւել եւս, որ մեր գործընկերները մեզի համար պատրաստած են շարք մը հարցեր:

Շնորհակալութիւն, որ հրաւիրած էք Ձեր մօտ ոչ պաշտօնական շփման, այդ թանկ կը գնահատուի, հնարաւորութիւն է՝ աւելի լաւ իմանալ մէկս միւսին եւ ոչ պաշտօնական մթնոլորտի մէջ խօսիլ մեր երկկողմ փոխգործակցութեան տարբեր երեսներու մասին: Յոյս կը յայտնեն, որ ձեր նախագահութիւնը Եւրասիական միութեան մէջ կ’ըլլայ բացարձակ յաջող, իսկ մեր բանակցութիւնները, ինչպէս եւ մեր գործընկերներու բանակցութիւնները կը նպաստեն երկու երկիրներու համագործակցութեան զարգացման»:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են հայ-ռուսական առեւտրատնտեսական համագործակցութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջանակէն ներս փոխգործակցութեան արդիական հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment