Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Ապրիլ 24-ի Դրոշմը

Ապրիլ 24-ի Դրոշմը

by MassisPost

ՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

der tavitian

«Երբ ուրախութեան դուռ մը կը փակուի, ուրիշ մը կը բացուի: Բայց ընդհանրապէս մենք այնքա՜ն երկար կը նայինք փակ դռան, որ չենք նկատեր այն՝ որ մեզի համար բացուած է:» Հելըն Քելլըր

«Ատելութիւնը քանդիչ է: Անորմով լեցուած մարդը իր անձին մեծագոյն թշնամին է: Փոխանակ թշնամիդ ատելու, փորձէ անկէ աւելի լաւը ըլլալ եւ այդպիսով վրէժդ լուծել:» Գէորգ Տէր Դաւիթեան

Մարդ կայ, որ իր կրած դժբախտութեան բեռան տակ կը կքի եւ յուսատու ապագայի մը հեռանկարը չտեսնելով կը յանձնուի: Մարդ ալ կայ, որ կ’որոշէ բարձրանալ դժբախտութեան մը պատճառաւ վար ինկած մակարդակէն, արժանապատիւ ապագայ մը կերտելու հաստատակամտութեամբ: Այս երկրորդ տեսակի մարդոցմէ էին վերեւի մէջբերումներուն հեղինակները՝ հռչակաւոր Հելըն Քելլըրը եւ համեստ հայրս:

Քելլըր ծնած էր 1880-ին եւ երբ հազիւ 19 ամսու էր, հիւանդութեան մը պատճառաւ կորսնցուց իր տեսողութիւնն ու լսողութիւնը: Հակառակ այս ահաւոր դժբախտութեան, իր ծնողքին քաջալերութեամբ, 24 տարեկանին ան դարձաւ աշխարհի առաջին կոյր ու համր անձը, որ տիրացաւ Պսակաւոր Արուեստից վկայականին: Տարիներու ընթացքին ան դարձաւ հռչակաւոր հռետոր մը, բեղմնաւոր գրող մը, ինչպէս նաեւ հասարակական գործիչ մը:

Գէորգ Տէր Դաւիթեան ծնած էր 1910-ին եւ հազիւ 5 տարեկան հասակին որբացաւ, երբ իր ծնողքը նահատակուեցան Մեծ Եղեռնին: Շռայլութեան մէջ ծնած մեծահարուստ ընտանիքի զաւակը յանկարծ դարձաւ անտուն: Տարիներու ընթացքին կրած բազում զրկանքները փոխանակ զինք ընկճելու, իրմէ կերտեցին հաստատակամ ու լաւատես անձնաւորութիւն մը: Իր յաջողութիւններով ան վրէժխնդիր դարձաւ իր կրած զրկանքներուն, միշտ հաւատալով, որ իր անկատար մնացած երազներն ալ պիտի իրականանան իր զաւակներուն եւ թոռներուն յաջողութիւններով:

Ապրիլեան այս օրերուն, երբ կը խորհրդածենք Եղեռնէն վերապրած առաջին սերունդին թողած դրոշմի մասին, կը համոզուինք, որ վերեւ նշուած արժանիքները ունեցող որբերն էին, որ հակառակ անոր,  որ  «մանկութիւն չունեցան», բայց «տուն շինեցին», որ դարձաւ հիմքը իրենց  յաջորդած սերունդներուն յաջողութիւններուն: Եթէ անոնք կքէին իրենց կրած դժբախտութեան ծանրութեան տակ եւ կամ միայն ատելավառ զգացումներով առաջնորդուէին, ապա Եղեռնը հասած պիտի ըլլար իր լրումին: Այս գիտակցութիւնը յստակ պէտք է ըլլայ ամէն մէկ յաջորդող սերունդի մտքին մէջ, առաջնորդելով զանոնք, որ խորհրդածեն. «ի՞նչպիսի դրոշմ կամ ազդեցութիւն թողած է Ապրիլ 24-ը իմ վրայ եւ ի՞նչ ուղղութեամբ կ’ուզեմ ընթացնել իմ կեանքը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment