Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յատուկ Քննչական Ծառայութեան Կողմէ Խուզարկութիւն Իրականացուած է Միհրան Պօղոսեանի Առանձնատան Մէջ

Յատուկ Քննչական Ծառայութեան Կողմէ Խուզարկութիւն Իրականացուած է Միհրան Պօղոսեանի Առանձնատան Մէջ

by MassisPost

Դատական աքթերու հարկադիր կատարման (ԴԱՀԿ) ծառայութեան նախկին պետ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Միհրան Պօղոսեանի առանձնատան մէջ իրականացուած է խուզարկութիւն։ Այդ մասին «Ազատութեան» փոխանցած է տարածքին մէջ աշխատող անվտանգութեան աշխատակիցներէն մէկը։

Նշենք նաեւ, որ Պօղոսեանի գրասենեակը հաղորդագրութիւն տարածած էր, որուն մէջ մասնաւորապէս ըսուած էր. – «Քիչ առաջ ԱԱԾ զինուած աշխատակիցները ներխուժել են ԱԺ նախկին պատգամաւոր Միհրան Պօղոսեանի առանձնատուն։ Ներկայ պահին խուզարկութիւն է իրականացւում նաեւ Պօղոսեանի նախկին գրասենեակում։ Այս ռեփրեսիւ (ճնշողական) քայլերը գնահատում ենք որպէս ակնյայտ քաղաքական հետապնդման դրսեւորում»։

Ինչպէս «Ազատութեան» փոխանցած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) խօսնակ Սամսոն Գալստեանը, Միհրան Պօղոսեանի առանձնատան խուզարկութիւնը կատարուած է Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ՝ անոր վերաբերեալ քրէական գործի շրջանակէն ներս, իսկ ԱԱԾ աշխատակիցները ապահոված են խուզարկութիւններու բնականոն ընթացքը: Այլ մանրամասներ Գալստեանը չէ յայտնած:

Յատուկ քննչական ծառայութիւնն (ՅՔԾ) ալ հաղորդած է, որ Պօղոսեանի վերաբերեալ քննուող քրէական գործի շրջանակէն ներս ՅՔԾ քննիչներու եւ ԱԱԾ աշխատակիցներու կողմէ կատարուած են խուզարկութիւններ եւ առգրաւումներ։

Մանրամասներ, թէ ուր կատարուած է խուզարկութիւնները եւ ինչ առգրաւուած է, ՅՔԾ-ն չէ յայտնած։

Յիշեցնենք, որ Միհրան Պօղոսեանը օֆշորի գործով ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ: Ըստ ՅՔԾ-ի, Պօղոսեանին մեղադրանք առաջադրուած է այն արարքներու համար, որ ան, օգտագործելով պաշտօնէական դիրքը, վատնման եղանակով առանձնապէս խոշոր չափերով գոյք յափշտակած է եւ չարաշահած է իր պաշտօնէական լիազօրութիւնները, ինչը առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ

ՀՀ Յատուկ քննչական ծառայութեան քննիչի կողմէն միջնորդութիւն ներկայացուած է Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան` Միհրան Պօղոսեանի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու համար: Անոր նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment