Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Որեւէ Ծրագրի Հիման Վրայ Բանակցութիւններ Չեն Ընթանար. ՀՀ ԱԳՆ-ն Պատասխանած է Մամետեարովին

Որեւէ Ծրագրի Հիման Վրայ Բանակցութիւններ Չեն Ընթանար. ՀՀ ԱԳՆ-ն Պատասխանած է Մամետեարովին

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակը արձագանգած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի՝ Մոսկուայի մէջ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի հետ հանդիպումէն ետք ըրած յայտարարութիւններուն:

Հարց Անդրադառնալով Ապրիլ 15-ի հանդիպման՝ Մամետեարովը նշած է, որ քննարկում եղած է 2016-ին Ռուսաստանի կողմէ ներկայացուած ծրագրի հիման վրայ։ Ի՞նչ ծրագրի մասին է խօսքը։

Աննա Նաղտալեան Նախ, նշեմ, որ հանդիպման արդիւնքներով հրապարակուած է անոր մասնակցող կողմերու համատեղ յայտարարութիւնը, ուր արդէն իսկ նշուած են քննարկուած թեմաները։ Համատեղ յայտարարութիւնները այն նպատակով կը կատարուին, որ անոնց մէջ ամփոփուին հանդիպման բոլոր մասնակիցներուն միջեւ համաձայնեցուած ձեւակերպումները։ Համաձայնեցուած ձեւակերպումներէն դուրս, անոնց հակասող յայտարարութիւնները չեն նպաստեր փոխվստահութեան ամրապնդման, առաւել եւս եթէ անոնք մտացածին են եւ չեն համապատասխաներ իրականութեան։

Ներկայիս որեւէ ծրագրի հիման վրայ բանակցութիւններ չեն ընթանար։ Աւելին, քննարկումներու բովանդակային մասը կը շարունակէ ընթանալ իրար դիրքորոշումներուն ծանօթանալու, պարզաբանելու ու յստակեցնելու տիրոյթին մէջ:

Հարց. Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է յառաջիկային Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում իրականացնելու ամերիկեան կողմի առաջարկի մասին: Արդեօ՞ք կը հաստատէք այդ տեղեկութիւնը:

Աննա Նաղտալեան Ինչպէս գիտէք ԼՂ հիմնախնդրի վերաբերեալ իւրաքանչիւր հանդիպման հաստատումէն ետք այդ մասին կը յայտարարուի համաձայնեցուած կարգով: Իրապէս, կը դիտարկուի ապագայ հանդիպումը համանախագահ երկիրներէն մէկուն մէջ իրականացնելու հնարաւորութիւնը՝ հաշուի առնելով նախկին նմանօրինակ հանդիպումներու աշխարհագրութիւնը։

Քանի որ այս հարցը դեռ քննարկման փուլի մէջ է, պէտք է ձեռնպահ մնալ միակողմանի ազդարարումներէ եւ հրապարակային բանակցութիւններու գործելաոճէն։ Աւելին, համանախագահ երկիրներէն մէկուն մէջ կայանալիք հանդիպման մասին նախապէս յայտարարելը անյարգալից վերաբերմունք է գործընթացի մասնակիցներու, բայց առաջին հերթին՝ տուեալ համանախագահի նկատմամբ:

Դեռ չկայացած պայմանաւորուածութիւններու ազդարար դառնալու ձգտումը չի նպաստեր փոխվստահութեան հիման վրայ բնականոն աշխատանքային մթնոլորտի ձեւաւորման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment